Jump to content

Քանկօ (շեմփանզէ)

Քոնկաոյի կապիկին գծագրութիւնը

Քոնկօ (19541964), 1950-ական թուականներու նշանաւոր շեմփանզէն, որ սորված էր գծել ու ներկել: Անոր տէրը, կենդանաբան եւ նկարիչ Տեսմոնտ Մորիս կ՛անդրադառնայ, թէ երկու տարեկան անասունը կը սիրէ գծել եւ ներկելն:

Տէրը անասունին առիթ կու տայ արտադրելու պատկերներ, զոր Քոնկօ կը գծէ մինակը: Ան կը մերժէ, որ նկարները իրմէ առնուին մինչեւ «գործը» վերջացնելը: Չորս տարեկանին Քոնկոյին արտադրած պատկերներուն թիւը 400-ի կը հասնի:

Անոր նկարները 2005-ին աճուրդի ընթացքին կը վաճառուին 14 400 եւրոյի: Իսկ 2010 թուականին Քոնկօ մարդակապիկին կողմէ գծուած վերջին «գեղանկար»ը կը ծախուի 10 հազար տոլարի:

Քոնկօ կապիկը կը մահանայ 1964-ին, 10 տարեկան հասակին: Անոր երկրպագուներէն եղած է Փապլօ Փիքասօն[1]:

Կեանքն ու աշխատանքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քոնկոյի գծագրութիւններէն մին (մօտ 1957)

Քոնկօ երկու տարեկանին սորված է գծել ու ներկել, երբ կենդանաբան Տեսմոնտ Մորիս Քոնկոյին տրամադրած է մատիտ մը[2]: Մորիս ըսած է, «Ան մատիտը վերցուց, եւ ես խաւաքարտ մը տեղադրեցի անոր դիմաց . Ահա թէ ի՛նչ արձանագրած եմ այն ժամանակ, « Կարծես տարօրինակ բան մը դուրս կու գայ մատիտին ծայրէն: Այդ Քոնկոյին գծած առաջին գիծն է. կարճ միջոց մը թափառեցաւ ու ետքը դադրեցաւ. արդեօք այդ կրկին պատահա՞ծ է: Այո՛, այդ կատարած է, եւ կրկին ու կրկին »[2]:

Մորիս շուտով կը նկատէ, որ այդ շեմփանզէն շրջանակներ կը գծէ, եւ ունի համադրելու ունակութիւն[2]: Ան նաեւ ցոյց կու տայ համաչափ կայունութեան կարողութինը՝ ուրուագիծի երկու կողմերուն միջեւ. երբ Մորիս թուղթի կտորի մը վրայ պատկեր մը կը գծէ, Քոնկօ, հաւասարակշռութիւնը բահելու նպատակով, թուղթին միւս կողմին վրայ նշանները կը պատկերէ: Միեւնոյն ձեւով գոյներու պարագային, եթէ թուղթին մէկ կողմը կապոյտ գոյն կը պարունակէ, օրինակ, կապոյը կ՛աւելացնէի միւս կողմը, դարձեալ հաւասարակշռութիւնը պահելու միտումով[3].

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]