Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-ne" does not exist։
Քաթմանտուն (Նեպալերէն՝ काठमाडौं) Նեպալի մայրաքաղաքն է։ Երկրի տնտեսական եւ քաղաքակրթութեան կեդրոնն է։ կը Գտնուի Հիմալայան լեռներուն մէջ, 1360 մ բարձրութեան վրայ։ 180 հզ. բն. (1977)։ Քաթմանտուի հիմնադրումը (մինչե XVI դ.՝ Կանտիպուր) վերագրուած է Նեպալի կառավարիչ Գունակամադեային (VIII դ.), որ մայրաքաղաքը Լալիտպուրէն տեղափոխուած է այստեղ։ 1482—1769 թուականներուն Քաթմանտուն համանուն իշխանութեան կեդրոնն էր, 1769 թուականին՝ Նեպալի կեդրոնացուած պետութեան ստեղծումէն ետք՝ անոր մայրաքաղաքը։ Մեծ երթեւեկութեան հանգոյց է, օդակայան։ Ունի համալսարան, քոլեճներ։ Քաթմանտուի մէջ կը գտնուին Նեպալի թագաւորական ակադեմեան, ազգային, կեդրոնական եւ այլ գրադարաններ, Նեպալի ազգային թանգարանը։