Փրովիտընսի Հայերը
Փրովիտընսի Հայերը սկսած են ձեւաւորուիլ 19-րդ դարու վերջին քառորդին։ 1897 թուականին բնակած է 450, 1902 թուականին՝ 1350, 1910 թուականին՝ 2500, 1962 թուականին՝ 12-13 հազար հայ։ Ներկայիս (2003) Փրովիտընսի եւ արուարձաններու հայերու թիւը շուրջ 30.000 է։ Առաջին հայ բնակիչները աշխատած են տեղւոյն արդիւնաբեր ձեռնարկութիւններով, զբաղած են արհեստներով (կօշկակարութին, դերձակութիւն, ներկարարութիւն եւն.)։ Ներկայիս մեծ թիւ կը կազմեն բժիշկները, ատամնաբոյժները, դեղագործները, ճարտարագէտները։ 1890 թուականին հիմնուած է Խրիմեան ընկերութիւնը, 1894 թուականին՝ Հայկազեան եւ Ազգային Տնտեսական միութիւնները, 1897 թուականին՝ Որբախնամ, 1899 թուականին՝ Փրովիտընսի Հայու Որբախնամ ընկերութիւնները։
Հոն կը գործեն հայ ազգային կուսակցութիւններու տեղական կազմակերպութիւնները, ՀԲԸՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի, Համազգայինի, ՀՍՄ-ի մասնաճիւղերը, հայրենակցական շարք մը միութիւններու (Համախարբերդական, Հաճընի ընդհանուր, Բալու-Պաւլին գիւղի Ուսումնասիրաց եւ Վերաշինաց, Բալու Հաւաւ գիւղի Ուսումնասիրաց, Քղիի Խուփս գյուղի) կեդրոնական վարչութիւններն ու մասնաճիւղերը։ Համայնքին մէջ կը գործեն առաքելական Ս. Սահակ-Մեսրոպ (1914 թուականէն), Ս. Վարդանանց (1940 թուականէն) եւ աւետարանական Եփատեան (1889 թուականէն) եկեղեցիները։ Ս. Վարդանանց եկեղեցիին քով հիմնուած է Մուրատ Արմէնեան միօրեայ դպրոցը։ 1907 թուականին կազմուած է թատերախումբ (1912 թուականէն կոչուած է «Հնչակ»), երկար տարիներ գործած է «Ազատամարտ» թատերախումբը։ Փրովիտընսի մէջ լոյս կը տեսնեն «Կանթեղ», «Փարոս» եկեղեցական պարբերականները։ Կը գործէ հայկական ռատիօժամ։
Փրովիտընսի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն մէջ կանգնեցուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան (Փրովիտընս, Ռոտ Այլընտ):