Jump to content

Փոքր Հայքի Այր Մարդոց Տարազներ

Փոքր Հայքի Այր Մարդոց Տարազներ - Փոքր Հայքի այր մարդոց տարազը ունի անատոլական որոշ ազդեցութիւններ: Ան կը բաղկանայ հետեւեալ մասերէն. Ճերմակեղէն, վերնաշապիկ, աշխատաշապիկ, շալվար, ելակ (անթեւ բաճկոնակ, որ կը հագնէին վերնաշապիկին վրայէն) եւ բաճկոն: Որպէս ոտնաման կը հագնէին աւանդական տրեխներ։

Սեբաստիոյ այր մարդոց քաղաքային տարազին մաս կը կազմէ գլխուն ֆէսը, որուն շուրջ փաթթուած է ափուխը, իսկ գիւղական շրջաններուն մէջ տարածուած է սեւ թաղիքէ պատրաստուած փոքր գդակը կամ ասեղնագործուած արախչին:

Ելակին կուրծքի հատուածին երկու փեղկը կը զարդարուէր բուսանախաշերով, իսկ փեղկերուն ծայրը կարուած գնդաձեւ կօճակներու եւ մետաքսաթելով կարած օղակներու միջոցով ելակին երկու կողմերը կը միանային իրարու։ Ելակին վարի լայն մասը կ՛ամփոփուէր գօտիին մէջ։

Քաղաքներու մէջ այր մարդիկ կը կրէին ֆէս, որուն շուրջը կը փաթթէին տարբեր գոյնի փաթաթան։ Երիտասարդներուն ֆէսին գոյնը սովորաբար կարմիր էր, իսկ աւելի տարեց տղամարդոցը՝ կապոյտ կամ մանուշակագոյն։

Գիւղական շրջաններու մէջ տղամարդիկ իրենց գլխուն կը դնէին սեւ թաղիքէ գլխարկ (կամ՝ գդակ-արախչի)։

Գօտին եւ այլ յարդարանքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոքր Հայքի տարբեր գաւառներու հայ տղամարդոց տարազները կը յատկանշուէին իրենց վառ գոյներով եւ բուսական ու երկրաչափական զարդանախշերով։

Գօտին սովորաբար կ՛ունենար 3-3.5 մեթր երկարութիւն եւ քանի մը անգամ կը փաթթուէր մէջքին շուրջ, իսկ ծայրերը կը զետեղուէին փաթթուած մասին տակ։ Առօրեայ գօտին կը պատրաստուէր տեղական բուրդէ կամ բամպակէ, իսկ տօնական օրերու գօտին՝ ներմուծուած աւելի թանկարժէք կտորէ։ Հարուստները կը գործածէին մետաքսէ գօտի, իսկ աղքատները գօտիի փոխարէն պարան կը կապէին իրենց մէջքին շուրջ։ Այստեղէն ալ առաջացած է արեւմտահայերու մէջ տարածուած «չուան (պարան) գօտի ըլլալ» դարծուածքը, որկը նշանակէ գօտիի փոխարէն պարան կապել, աղքատանալ։

Փոքր Հայկի այր մարդիկ կօշիկի փոխարէն կը հագնէին աւանդական սրածայր տրեխ։

Փոքր տարիքով տղաները կը հագնէին տունը հիւսած բուրդէ գուլպաներ, որոնք զարդարուած կ՛ըլլային երկրադափական նախշերով։ Երիտասարդները գուլպայի փոխարէն կը գործածէին ոտքի երկար փաթաթան, որ կը սկսէին փաթթել ոտքին մատներէն ու, ամբողջ ոտքին ու սրունքին շուրջ փաթթելով, կը կապէին ծունկին տակ։

  • «Պատկերագիրք հայկական տարազներու», Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն, Պէյրութ, 1990, էջ 28, 29։
  • «Սեբաստիայի եւ շրջակայ գիւղերի ժողովրդական տարազը XIX դարում եւ XX դարի սկզբին», Ն. Ք. Աւագեան, Երեւան, 1970, էջ 229, 230, 231։