Jump to content

Փուէնսեթիա

Սուրբ գիշերուան ծաղիկները

Փուէնսեթիա (Euphorbia pulcherrima)[1], արեւադարձային թուփ մը։ Թուփէն գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 100  տեսակներ: Իրենց բնական միջավայրին մէջ անոնք կրնան մինչեւ 3.5 մեթր աճիլ:

Բոյսը հարուստ պատմութիւն մը ունի: Մեքսիքայի բնիկ ալթեքները ծանօթ էին այս թուփին։ Թուփը անուանած էին «Քուէթլաքսոչիթլ», որ կը նշանակէ «մորթի ծաղիկ»:

Ազթեքները այս բոյսը գործած են հագուստները ներկելու, կամ կրօնական արարողութիւններու ընթացքին, որովհետեւ անոնց համար կարմիր գոյնը մաքրութեան խորհրդանիշն էր:

Փուէնսեթիաները նախ հասած է Միացեալ Նահանգներ, 19-րդ դարուն: Անոնց անունը եկած է Միացեալ Նահանգներու Մեքսիքայի առաջին դեսպանին անունէն: Ճոէլ Ռոպըրթց Փուէնսեթ այս թուփին ծանօթացած է հարաւային Մեքսիքայի վայրի դաշտերուն մէջ, 1828-ին: Իր ազատ ժամերուն ան զբաղած է պարտիզպանութեամբ եւ բոյսերով: Ան այս թուփը հետը բերած է Հարաւային Քարոլայնա, երբ Միացեալ Նահանգներ վերադարձած է։

Անոր կարմիր բաժինները ծաղիկին թերթերը չեն, այլ` բոյսին տերեւները: Ծաղիկները թուփին կեդրոնը գտնուող փոքրիկ դեղին ծիլերն են, մինչ կարմիր տերեւները կրնան ըլլալ նաեւ` վարդագոյն, ճերմակ կամ դեղին[2]: Փուէնսեթիաները, որոնք ճանչցուած են իբրեւ «ասիական ծաղիկը» կամ «մեքսիքական բոցէ տերեւը», կը ծաղկին դեկտեմբեր ամսուն, հետեաբար անոնք Կաղանդի ամէնէն յարմար բոյսերն են:

Փուէնսեթիան եւ Կաղանդը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ մեկնաբանութեան մը, անիկա կը խորհրդանշէ Բեթղեհէմի աստղը[3], որ մոգերուն ցոյց տուաւ Յիսուս Մանուկին ծննդավայրը հասցնող ճամբան:

Իսկ մեքսիքական աւանդութիւն մը կը պատմէ, որ Փեփիթա անունով աղքատիկ փոքրիկ աղջիկ մը տխուր էր, որովհետեւ ան Յիսուս Մանուկին չէր կրնար նուէրներ տանիլ միւս փոքրիկներուն նման: Իմաստուն մը կը փորձէ զայն մխիթարել՝ ըսելով, թէ նոյնիսկ ամէնէն համեստ նուէրը, երբ սիրով կը տրուի, մեծ գնահատանք կը ստանայ: Հետեւաբար Փեփիթա կ՛երթայ ճամբուն եզերքը բուսած, ոչ շատ գեղեցիկ թուփէ մը տերեւներ քաղելու եւ այդ տերեւներու փունջը կը տանի Յիսուս Մանուկին նուիրելու[4]: Իր փունջը զետեղելու ժամանակ հրաշք մը կը պատահի. պարզ, կանաչ տերեւները գեղեցիկ մութ կարմիր գոյն մը կը ստանան: Եւ այդ դէպքէն ի վեր բոլոր վայրի փուէնսեթիաները վառվռուն գոյներով կը ծածկուին Կաղանդի շրջանին:

Անոնք կը դառնան «Լաս Ֆլորես տը լա նոչէ պուէնա»` «Սուրբ գիշերուան ծաղիկները»:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Definition of poinsettia | Dictionary.com»։ www.dictionary.com (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-06-10 
  2. «Poinsettia Facts - The Poinsettia Pages - University of Illinois Extension»։ web.extension.illinois.edu։ արտագրուած է՝ 2020-06-10 
  3. «The poinsettia: Jesus' life story in a plant»։ The United Methodist Church (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-06-10 
  4. «The Legends and Traditions of Holiday Plants | Horticulture and Home Pest News»։ hortnews.extension.iastate.edu (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-06-10