Փեթարի Մանուկ
Փեթարի Մանուկ | |
---|---|
Ծննդավայր | Մուշ |
Մահացած է | 20 Սեպտեմբեր 1920 |
Մահուան վայր | Կողբ, Հայաստան |
Մասնագիտութիւն | ֆետայի |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Փեթարի կամ Փեթարայ Մանուկ (յիշատակուած է 1887, Մուշ - 20 Սեպտեմբեր 1920, Կողբ, Հայաստան), հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Կեանք եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Մշոյ դաշտի Փեթար գիւղը, ծննդեան թուականը 1887 յիշատակուած է: Փեթարի Մանուկի մասին տեղեկութիւններ կը պակսին. ազգային-յեղափոխական իր կազմաւորումը ստացած է Ս. Յովհաննու եւ Ս. Կարապետի վանքերուն մէջ:
1903-1904 թուականներուն Սասնոյ Բ. ապստամբութեան շրջանին Գէորգ Չաւուշի հաւատարիմ զինուորը եղած է:
Փեթարի Մանուկի անուան եւ գործունէութեան վերաբերող յիշատակութիւնները անբաժան են Գէորգ Չաւուշի մղած կռիւներէն եւ հերոսական քայլերէն մինչեւ Մայիս 1907` Գէորգ Չաւուշի նահատակութիւնը:
1907-էն ետք Փեթարայ Մանուկ փախստական մնացած է։ Մշոյ դաշտի ու Սասնոյ լեռներուն վրայ ստանձնած է պահապան հրեշտակի պատասխանատուութիւնը: 1908-ին, օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Փեթարայ Մանուկ իբրեւ շրջուն գործիչ աշխատանքի կոչուած է Սիմոն Զաւարեանի կողմէ:
Փեթարի Մանուկ 1915-ին ղեկավար դերակատարութիւն ունեցած է Սասնոյ եւ Մշոյ դաշտի հայութեան ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտերու կազմակերպման մէջ, մինչեւ որ սասունցիներու եւ մշեցիներու զանգուածային գաղթը առաջնորդած է դէպի Արեւելեան Հայաստան՝ Արագածի փէշերուն հանգրուանելով:
Կամաւորական գունդերուն մէջ սասունցիներու հեծեալ զօրքին գլխաւոր առաջնորդներէն հանդիսացած է, իբրեւ այդպիսին` մասնակցած է 1918-ին Հայաստանի անկախութեան կերտման հերոսամարտերուն, կարեւոր ներդրում հայոց բանակի կազմութեան եւ ռազմական-կազմակերպական հզօրացման մէջ, գլխաւոր կերտիչներէն մէկը եղած է Հայաստանի հայացման պատմակշիռ գործին:
Մանուկի վերջին ճակատումը եղած է Սեպտեմբեր 1920-ին, Կողբի կռիւներուն[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին»։ aztag32.rssing.com։ արտագրուած է՝ 2023-06-08
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։ |