Jump to content

Փաֆոսի Բիւզանդական Թանգարան

Փաֆոսի Բիւզանդական Թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Կիպրոս
Տեղագրութիւն Փաֆոս
Հիմնադրուած է 1983
34°46′24″N 32°25′15″E / 34.7733°N 32.4208°E / 34.7733; 32.4208
Կայքէջ impaphou.org/mouseio_imp…
Քարտէս
Քարտէս

Փաֆոսի բիւզանդական թանգարան, Յունական ուղղափառ եկեղեցիէն նուիրուած Կիպրոսի Հանրապետութեան թանգարանին, ուր ներկայացած թանգարանային նմուշները յայտնաբերուած են Փաֆոս, Լիմասոլ եւ Կտիմա քաղաքներուն մէջ։ Թանգարանը կը գտնուի Կիպրոսի Փաֆոս քաղաքին մէջ։

Թանգարանին ստեղծումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանը հիմնադրուած է 1983-ին Կիպրոսի բիւզանդական եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոս Խրիզոստոմ 2-ի աջակցութեամբ։ Թանգարանին ստեղծման գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցած է նաեւ Կիպրոսի Հանրապետութեան Փաֆոս քաղաքին կառավարիչը։ Թանգարանին ստեղծման նպատակն է փրկել, պաշտպանել, խթանել եւ հետազօտել բիւզանդական եկեղեցւոյ եւ արուեստի անգին նմուշները։ Թանգարանին մէջ պահուած են Յունական եկեղեցիներու եւ վանքերու աւերուած ու քանդուած մասեր, որոնք նախապէս գտնուած են Փաֆոս քաղաքին մէջ։

Թանգարանին ցուցասրահը հնարաւորութիւն ընձեռած է, ծանօթանալու համար եկեղեցւոյ ժառանգութեան եւ պատմական զարգացման։ Հիմնական թանգարանին ցուցանմուշները Կիպրոսի տարածքին գտնուող սրբապատկերներն են (աւելի քան հարիւր), որոնք ստեղուած են ԺԲ.- ԺԹ. դարերուն։ Թանգարանին գոհարը Ս. Մարիամ Աստուածածինին դիմապատկերն է, որ յայտնաբերուած է Է.- Ը. դարերուն (եւ ըստ այլ աղբիւրներու Թ. դար) եւ կը համարուի Կիպրոսի հնագոյն թանգարաններէն մէկը։

Թանգարանը կը պարունակէ նաեւ որմանկարներ եւ աւերուած եկեղեցիներու մնացորդներ, որոնք փլուզուած են կլիմայական վատ պայմաններու հետեւանքով։ Ցուցասրահին մէջ կան նաեւ մեծ թիւով այնպիսի որմնանկարներ, որոնց մէկ մասը կը գտնուի ծայրահեղ վատ պայմաններու մէջ։ Պահպանուած որմնանկարները նուիրուած են հիմնականաբար Հուստինիանոս արքային: Այս որմնանկարները թուագրուած են ԺԶ. դարուն։

Ցուցանմուշներուն շարքերուն մէջ կը գտնուին նաեւ եկեղեցական սպասներ, ինչպէս նաեւ խաչեր (խորանի խաչեր)։ Ցուցասրահին նմուշները կը վկայեն այն մասին, որ Կիպրոսի միջնադարեան թագաւորութիւնը ունեցած է զարգացած մշակոյթ, եւ յատկապէս զարգացած ոսկերչութիւն։ Ցուցանմուշներուն մէջ կան նաեւ հին զգեստներ, թուագրուած ԺԸ. - ԺԹ. դարերուն։

Թանգարանին մէջ պահուած են կիպրական շարք մը ձեռագիրներ, որոնք ստեղծուած են 1467-էն ԺԹ. դար ինկած ժամանակաշրջանին։ Այդ ձեռագիրներուն մէջ կան կրօնական եւ ծիսական բնոյթի գիրքեր, որոնք ստեղծուած են Յունական եւ Օսմանեան քաղաքակրթութիւններու համադրութեամբ։ Ձեռագիրներուն մէջ գրուածները կը վկայեն Կիպրոսի գիւղատնտեսական ճիւղերու՝ յատկապէս այգեգործութեան մասին։

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]