Փանոս Ճերանեան
Ծննդավայր | Պէյրութ, Նոր Մարաշ |
---|---|
Կրօնք | Քրիստոնիայ |
Աշխատավայր | պաշտօն՝ ճաբոնական առեւտրական հաստատութեան մը մէջ: |
Փանոս Ճերանեան (1942, Պէյրութ)
Կենսագրություն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Պէյութի Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, երկրորդական ուսումը՝ Մխիթարեան հայերու մօտ։ Բարձրագոյն ուսման հետեւաղ է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ եւ արժանացած՝ Քաղաքական Գիտութեանց Մագիստրոսի տիտղոսին։ Ատեն մը հետեւած է Պէյրութի Հայկազեան Քոլէճի հայագիտութեան դասընթացքներուն։
Բանաստեղծութիւններ գրել սկսած է պատանեկան տարիներուն դպրոցական ամսագրերու մէջ։
1975- էն ի վեր կ՛աշխատակցի «Բագին» գրական ամսագրին, ստորագրելով բանաստեղծութիւններ։ Ներկայիս աշխատակիցն է նաեւ Գանատայի «Հորիզոն» ամսագրին։
Լոյս ընծայած է բանաստեղծութեանց հետեւեալ հատորները։
Քամիներ (Պէյրութ, 1979), եւ Ընդմիջուած Լռութիւն (Պէյրութ, 1991):
Փ. Ճերանեան ներկայիս պաշտօն կը վարէ ճաբոնական առեւտրական հաստատութեան մը մէջ։
Շնորհալի բանաստեղծը ճկուն, ինքնատիպ ու գրաւիչ ոճով կու տայ ճշմարիտ պատկերներ, իր իմացականութիւնները։ Ուշագրաւ են քերթուածին վերջիներկու տողերը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]