Րիչըրտ Արթինեան

Արթինեան Րիչարտ, Նիւ Եորք քաղաքի «Մաքրութեան Ընկերութիւն»ը բացած է իր նպատակը պատկերացնող նկարներու մրցում մը՝ որուն կրնային մասնակցիլ դպրոցի աշակերտներ: Պրոնքսի Բարձր. վարժարաններէ մասնակցող աշակերտաերու մէջ առաջինը հանդիսացաւ Ճէյմս Մընրօ Բարձր. վարժարանի ուսանողներէն հայ պատանի մը, - Րիչարտ Արթինեան: Այս առթիւ նկարներու մրցման Յանձնախումբի ատենապետ միսիս Սթրալէմ նամակաւ մը իր շնորհակալութիւնները յայտնելով կը հաղորդէ թէ Քննիչ Յանձնախումբը պր. Արթինեանի նկարը առաջին մրցանակի արժանի դատեց, անոր մէջ գտնելով ինքնատպութիւն եւ գերազանց վրձինում: Մրցման դրուած նկարներու թիւն էր 1000:

Պ. Արթինեան՝ որ մէկ քանի տարի առաջ Վանամէյքրի կազմակերպած նկարչական մրցման մէջ պղնձեայ շքանշան շահած էր, վերջերս ալ շքանշան մը (մէտըլ) շահեցաւ դպրոցի Գեղարուեստից Լիկէն:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 274: