Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան
Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան.- (1969) Հալէպ, Սուրիա:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան Աւազանի անունով Գէորգ, որդի Տ. Համազասպ Ա. Քհնյ. Շաքարեանի եւ Սիրվարդի, ծնած է Հալէպ, (1969)-ին:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգ. Զաւարեան վարժարանէն, իսկ միջնակարգ եւ եկրորդական ուսումը՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է (1989)-ին:
Ան ընտրած է ազատ ասպարէզ եւ հետեւած է ոսկերչութեան: Արհեստը շուտով իւրացնելէ ետք, կ'ունենայ իր սեփական ոսկերչութեան խանութը, ուր տարիներ աշխատելէ ետք, տնտեսական վիճակը կը բարելաւէ եւ կը պատրաստուի ամուսնութեան:
Ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ Յակոբ եւ Կրէթա Ժագոյի դուստր՝ օրդ. Ալինը, որուն հետ կը պսակուի Ս. Քառասնից Մանկաց եկեղեցւոյ մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր մասնակցութեամբ, (2002)-ին եւ կը բախտաւորուի երկու մանչ զաւակներով՝ Համազասպ եւ Յակոբ:
Ուսումնակրթական ու ազատ ասպարէզի կեանքին զուգահեռ, անոր նկարագիրը կազմաւորուած է եկեղեցական, կրօնաբարոյական ու ազգային- գաղափարական արժէքներով, որովհետեւ քահանայի զաւակ էր ու իր կեանքը մանկուկութենէն նուիրած էր եկեղեցւոյ ու Կիրակնօրեայ դպրոցին:
Այդ պատճառով ալ փոքր տարիքէն մաս կազմած է Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ եղած՝ աշակերտ Կիրակնօրեայ վարժարանին, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է (1988)-ին եւ իբրեւ ուսուցիչ ծառայած է հոն մինչեւ (1995) թուական:
Իսկ եկեղեցւոյ մէջ յարատեւ ներկայութիւն ըլլալով, (1976)-ին եղած է դպիր Ս. Քառասնից Մանկաց եկեղեցւոյ:
(1984)-ին ստացած է դպրութեան աստիճան: Ապա, ուրարի տուչութեան արժանացած է (1992)-ին, ձեռամբ Տ.Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի:
Եկեղեցւոյ կապուածութիւնը զինք առաջնորդած է դպրաց դասի վարչութեան անդամ ըլլալու: Ապա, իր փորձառութեամբ ընտրուած է դպրաց դասի վարչութեան ատենապետ, զոր վարած է վեց տարիներ:
Երաժշտութեան հանդէպ իր սէրը զինք առաջնորդած է ձայնանիշերու դասընթացքներուն հետեւելու ու երգեհոն նուագելու եկեղեցւոյ մէջ:
Հայրենակցական պատկանելիութեան գիտակցութիւնը զինք մղած է օգտակար դառնալու Զէյթունցի հայրենակիցներուն, մաս կազմելով Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան:
Սիրած է ազգային-միութենական կեանքը, առ այդ օգտակար ծառայութիւն մատուցած է այդ բնագաւառէն ներս:
Այս բոլոր եկեղեցական-ազգային ծառայութիւնները զինք հոգեպէս պատրաստած են հոգեւորական ըլլալու եւ ամբողջութեամբ նուիրուելու Հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան:Ուստի, հեռանալով անձնական աշխատանքներէն ու արհեստէն եւ խորապէս համոզուած, պատրաստականութիւն կը յայտնէ ուսուցչական ասպարէզին ծառայելու:
Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի տնօրինութեամբ՝ ան կրօն կը դասաւանդէ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի միջնակարգի դասարաններուն:
Այնուհետեւ հաստատ որոշում կ'առնէ Դպրեվանք ուսանելու եւ քահանայութեան պատրաստուելու:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարեհաճ հաւանութեամբ (2001-2002) ուսումնական տարեշրջանին մուտք կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Զարեհեան» Դպրեվանքը, ուր մէկ տարի կը հետեւի քահանայից դասարանի դասընթացքներուն:
1 Մայիս (2002)-ին կիսասարկաւաքի աստիճան կը ստանայ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ձեռամբ՝ Տ. Վարդան Արք. Տէմիրճեանի:
Իսկ (20 Յունիս 2001)-ին սարկաւագ կը ձեռնադրուի ձեռամբ՝ Տ. Տիրայր Եպս. Փանոսեանի, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ:
Մէկ տարուան դասընթացքը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Հալէպ:
Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյանի ձեռամբ, տիրացու Գէորգ քահանայ կը ձեռնադրուի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, (2 Մայիս 2004)-ին, վերակոչուելով Տ. Զարեհ եւ օծակից ունենալով Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեանը:
Քարասնորեայ պատրաստութեան շրջանը լրանալէ ետք. նորընծայ Տ. Զարեհ հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Ս. Քառասնից Մանկաց Մայր եկեղեցւոյ:
Իր Հօր՝ Տ. Համազասպին գլխաւորութեամբ կը ծանօթանայ իր ծխական ժողովուրդին եւ այնուհետեւ կը բացուի հովական ծառայութեան, ընդարձակ դաշտ մը ունենալով իր առջեւ:
Մէկ շրջան՝ անդամ Թեմիս Կրօնական Ժողովին։ 2011-ին դարձեալ ընտրուեցաւ նոյն Ժողովի անդամ։ 2005-ին կր նշանակուի «Արեւիկ» թերաճներու դպրոցի խնամակալութեան ատենապետ։
2006-ին Թեմիս Աոաջնորդ Սրբազան հօր տնօրինութեամբ մասնակցած է Ղպտի եկեղեցւոյ երիտասարդական համագումարին, Եպիպտոսի մէջ։
2008-ին, Հալէպի Հայ Համալսարանականներու Միութեան հոգեւոր խորհրդատու նշանակուած է։
2010-ին Սրբազան Հօր տնօրինումով նշանակուած է պետական կրօնի դասագիրքերը հայերէնի վերածելու եւ յարմարացնելու յանձնախումբի պատասխանատու։
Իսկ ուսուցչական ասպարէզ մուտք գործած է Դպէեվանքէն վերադառնալէն ետք 2002-ին, Ազգ. Գարէն Եփփէ ճեմարանի միջնակարգի աշակերտաթեան կրօն դասաւանդելու։
Ան եօթ տարուայ ձեռնադրուած հոգեւորական է։ Իր առջեւ ունի եկեղեցական եւ ազգային ծառայութեան ընդարձակ այգի մր, որ կարիքը ունի անձնուէր ու ծառայասէր հոգեւորականնու, որպէսզի Տիրոջ այգիին բերքը առատ ըլլայ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ինքնակենսագրութիւն
- Գործակիցներու վկայութիւն
- Վարք Քահանայից Գիրքէն (2012), էջ (379-382)