Jump to content

Տորիան Կրէյի Դիմանկարը

Տորիան Կրէյի դիմանկարը գիրքին կողքը

Տորիան Կրէյի դիմանկարը (անգլ.՝ The Picture of Dorian Gray), անգլիացի գրող Օսքար Ուայլտի մէկ վէպն է։ Կը համարուի հեղինակին ամէնէն նշանաւոր ստեղծագործութիւններէն մէկը։

Աշխարհի ամէնէն շատ ընթերցուած գիրքերէն է։

Պասիլ Հոլուըրտ եւ Տորիան Կրէյ

«Տորիան Կրէյին դիմանկարը» կը պատմէ Պասիլ Հոլուըրտ նկարիչին մասին, որ պատահաբար կը ծանօթանայ իր երազանքներու էակ՝ Տորիան Կրէյին:

Տորիան Կրէյին դիմանկարը կը գծէ Պասիլ Հոլուորտը, որ Տորիանին գեղեցկութեամբ տարուած էր։ Տորիան Կրէյ կը դառնայ գեղեցկութեան եւ երիտասարդութեան պաշտամունքի զոհը։ Կրէյ հրապուրուած դիմանկարին գեղեցկութենէն, բայց յուսալքուած, որ նկարին մէջ երիտասարդութիւնը յաւերժ է, կ'ըսէ.

«Ես կը նախանձիմ ամէն բանէ, որուն գեղեցկութիւնը անմահ է։ Կը նախանձիմ նոյնիսկ իմ այս դիմանկարէս։ Ինչո՞ւ  պէտք է ան պահպանէ այդ գեղեցկութիւնը, ինչ որ ինծի վիճակուած է կորսնցնել։ Իւրաքանչիւր անցնող ակնթարթ ինձմէ ինչ որ բան մը կը խլէ, անոր կու տայ։ Ո՜հ, եթէ ճիշդ հակառակը ըլլար, եթէ փոխուէր նկարը, իսկ ես մնայի ճիշդ նոյնը՝ ինչպէս հիմա։  Ինչո՞ւ նկարեցիք, օր մը կու գայ, երբ այդ նկարը զիս կը ծաղրէ, կը ծաղրէ դաժանօրէն»:

Նկարիչը կը սիրէ Տորիանը եւ ոգեշնչուած՝ իր արուեստն ու հոգին անոր կը նուիրէ։ Ասիկա սովորական սէր չէր, այլ՝ իւրայատուկ բնական նուիրում եւ հրապոյր: Տղամարդ-տղամարդու յարաբերութիւններու գագաթնակէտը։ Երբ տղամարդը իր սեռայինին կը տենչայ, ամենայն ազնուութեամբ եւ պարզութեամբ, ամենայն սիրով ու քնքշութամբ, առանց յետին միտքերու՝ փորձելով տիրանալ ոչ թէ մարմինի տենդագին գեղեցկութեան, այլ հոգիի առեղծուածային խորութեան, զգայական նուիրումին․ ինչպէս կը նկարագրուի գիրքին նախաբանին մէջ՝ «Վէպին մէջ կ'արծարծուին բազմաթիւ հարցեր, որոնցմէ հիմնականը արուեստի, բարոյագիտութեան եւ գեղեցիկի փոխադարձ կապն է»։

Պասիլին միջոցով Տորիան կը հանդիպի լորտ Հենրի Ուոթընին, ըստ որուն​​ գեղեցկութիւնն ու զգայական կատարումը միակ բաներն են, որոնց համար կ'արժէ հետամուտ ըլլալ կեանքի մէջ: Նոր հասկնալով, որ իր գեղեցկութիւնը կրնայ ժամանակաւոր ըլլալ, Տորիան կը ցանկայ վաճառել իր հոգին: Ան կ'ապրի տարբեր անբարոյական փորձառութիւններ՝ փորձելով մնալ երիտասարդ եւ գեղեցիկ: Միաժամանակ, անոր դիմանկարը կը ծերանայ եւ տեսողականօրէն կ'արձանագրուին Տորիանին բոլոր մեղքերը[1]:

Տորիան կը յայտնաբերէ դերասանուհի Սիպիլ Վէյնը, որ կը կատարէր Շէյքսփիրի կտորները՝ մռայլ, բանուորական թատրոնի մը մէջ: Տորիան կը սիրահարի անոր եւ շուտով ամուսնութեան առաջարկ կը ներկայացնէ։ Սիրահարած Սիպիլ զինք կ'անուանէ «Արքայազն Հմայիչ» եւ կ'ապրի սիրուած ըլլալու երջանկութիւնը, սակայն անոր պաշտպան եղբայրը՝ Ճէյմս, կը զգուշացնէ զինք, որ եթէ «Արքայազն Հմայիչ»ը վնասէ զինք, ան կը սպաննէ զայն։

Տորիան կը հրաւիրէ Պասիլը եւ լորտ Հենրին տեսնելու Սիպիլին ելոյթը Ռոմէօ եւ Ժուլիէթի մէջ: Սիպիլ, որը շատ սիրահարած էր Տորիանին, չի կրնար լաւ ձեւով դրսեւորել ինքզինք ինչ որ կը ստիպէ ե՛ւ Պասիլը, ե՛ւ լորտ Հենրին նկատեն, որ Տորիան սիրահարած է Սիպիլին՝ ոչ թէ իր դերասանական տաղանդի համար, այլեւ՝ գեղեցկութեան: Տորիան ամչնալով, կը մերժէ Սիպիլը՝ ըսելով, որ դերասանութիւնն է իր գեղեցկութիւնը. առանց անոր ան այլեւս չի հետաքրքրեր զինք:

Այդ օրը կը հասնի, երբ Տորիանի տառապանքները կը սկսին: Ամէն մէկ կատարած յանցանք, ամէն մէկ արատաւոր արարք, որ Տորիան կը կատարէ, կ'արտայայտուի այդ նկարին վրայ, իր կեանքը դժոխքի վերածելով։ Միշտ տուն կը վերադառնայ վախով եւ սարսափով, որ արդեօք նկարը կրկին բան մը պիտի պատմէ իր մասին: Իսկ առաջին բիծը կը յայտնուի այն օրը, երբ Տորիան կորոշէ հաշտուլ Սիպիլին հետ, բայց լորտ Հենրին իրեն կը յայտնէ, Սիպիլ չդիմանալով իր մերժումին, անձնասպան եղած է (Սիվիլա Վէյն)։

Տորիան կը յաջողի պահել նկարը իր մտերիմներէն, սակայն ոչ իրմէ․ այդ նկարը ամէն վայրկեան կը յիշեցնէ իր կատարած յանցանքները։ Տորիան խենթացած Պասիլը կը մեղադրէ: Ան երբ դիմանկարին կը նայի, Պասիլ Հոլուըրտի հանդէպ ատելութեան զգացումներով կը լեցուի։ Տորիան կը սպաննէ իր սիրելի Պասիլը․ ան, որ տենդագին կը սիրէր զինք, մէկը որ իրեն նուիրած էր իր արուեստը, մէկը, որուն կեանքը կը սկսէր եւ կ'աւարտէր Տորիանով…։

Տորիան կը խրէ դանակը դիմանկարին մէջ, եւ ճիչ մը կը լսուի… Քառորդ ժամ ետք, աղախինները մտնելով  ներս կը տեսնեն պատէն կախուած իրենց տիրոջ հոյակապ դիմանկարը։ Իսկ գետինը, սպաննուած մարդու մը դիակը, դանակը սիրտին մէջ մխրճուած։ Անոր դէմքը կնճռոտած ըլլալով, միայն մատանիներէն կը ճանչցուի իր ինքնութիւնը… Տորիան Կրէյն է…:[2] [3] [4]

Գլխաւոր հերոսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տորիան Կրէյ վայելուչ երիտասարդ մըն է, որ առանձնացած է բոլորէն հակառակ իր արտասովոր եւ հրաշալի գեղեցկութեան: Գիրքը զայն կը բնութագրէ իբրեւ բարի, լաւատես եւ միամիտ երիտասարդ մը, սակայն ան կ'ազդուի լորտ Հենրիի չարութենէն եւ կը գտնուի անոր համոզիչ խօսքերուն ազդեցութեան տակ։ Լորտ Հենրի կը պնդէ, որ Տորիանի գեղեցկութիւնը ամէնէն կարեւոր եւ թանկարժէք բանը պէտք է ըլլայ իր կեանքին մէջ, որովհետեւ ան կրնայ իր գեղեցկութիւնը շատ արագ կորսնցնել։

Տորիան Կրէյ հակասական կերպար մըն է. մերթ բարեհամբոյր է, մերթ յանցագործ։

Լորտ Հենրի ազնուական մըն է:  Ան կ'ընկերանայ Տորիան Կրէյին եւ կը սկսին նոր յատկութիւններ բացայայտնուիլ երիտասարդին հոգիին մէջ։ Լորը Հենրի իր ազդեցութեան տակ առած է Տորիան Կրէյը։  Ան կը դառնայ անոր գաղափարախօսը եւ գլխաւոր խորհրդակիցը։

Պասիլ Հոլուըրտ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պասիլ Հալվըրտ նկարիչ է: Ան նկարած է Տորիան Կրէյին դիմանկարը։ Հալվըրտ կը նկատէ Տորիանի հոգիին առանձնայատուկ գեղեցկութիւնը եւ իր սիրտը սիրով կը լեցուի Տորիանի հանդէպ։

Սիվիլա Վէյն դերասանուհի մըն է: Մինչեւ Տորիան Կրէյին ծանօթանայ, ան կ'ապրէր թատրոնի դերասանուհիի կարիքաւոր կեանք մը։ Տորիանի հանդէպ ունեցած սէրը զինք կը ստիպէ, որ հրաժարի թատրոնէն եւ ամբողջ կեանքը նուիրաբերէ իր ապագայ ամուսինին։ Բայց Տորիան չիփոխադարձեր Սիվիալայի զգացումները եւ կը հրաժարի իենր հետ կեանքը շարունակել։ Հետեւանքները շատ լուրջ կ'ըլլան։

Ճէյմս Վէյն, Սիվիլա Վէյնի նաւաստի եղբայրն է, որ երկար տարիներ կը փորձէ քրոջը համար Տորիան Կրէյէն վրէժ լուծել։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]