Jump to content

Տնջրի (Ծառ)

ԴիմերեսԴարձերես
«Սխտորաշէնի սօսի» ՀՀ յուշադրամը (2014)

Տնջրին, 2033[1] տարեկան հսկայ չինարի ծառ, Արցախի Վարանտա գաւառի Սխտորաշէն գիւղի տարածքին մէջ։

Տնջրի ծառը կը գտնուի Արցախի Վարանտա գաւառի Սխտորաշէն գիւղի տարածքին մէջ։ Վիմագիր արձանագրութեան համաձայն, աղբիւրը կառուցած է սխտորաշէնցի Յովհաննէս Կիսիպեկեանը, Ներսէս Մուսայելեանը եւ Մանաս Գասպարեանը:[2] Խորհրդային Միութեան շրջանին այս ծառին անձնագիր կը շնորհուի, իբրեւ ԽՍՀՄ տարածքին մէջ գտնուող ամենատարեց եւ ամենաբարձր ծառ։ Չինարին ունի 44 քառ․ մեթր մակերեսով փչակ, ուր կրնայ տեղաւորուիլ հարիւրէ աւելի մարդ։

Հսկայ ծառի տերեւներուն ստուերը կը կազմէ աւելի քան 1400 մ²։ Տնջրի ծառի բունին շրջագիծը կը կազմէ 27 մ․, իսկ բարձրութիւնը 54 մեթրէ աւելի, շուրջ 18 յարկանի շէնքի բարձրութեամբ։

Սխտորաշէնի չինարին իր արտասովոր չափերով կը գերազանցէ Եգէական ծովու Կոս կղզիի ծառերուն, ինչպէս նաեւ Աշխապատի մօտ գտնուող Փիրուզէ կիրճի ծառերուն։

Արցախի բնակչութեան համար Տնջրի ծառը ուխտատեղի դարձաւ։ Ծառին տակէն կը բխի յորդառատ ու սառնորակ աղբիւր մը, որ դարեր շարունակ սնունդ տուած է հսկայ չինարիին, հագեցուցած՝ հնձող եւ ցորենը յարդէն զատող գիւղացիին ծարաւը ու շարժած՝ ջրաղացի քարը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 2013 թուականի տուեալներով։
  2. https://hushardzan.am/archives/10372 Տնջրի ծառին մասին տեղեկութիւններ