Jump to content

Տիփ տայվ Տուպայ

Տիփ տայվ Տուպայ, աշխարհի ամէնէն խորունկ լողաւազանը[1], բացումը կատարուած է 27 Յունիս 2021-ին[2]։

«Տիփ տայվ Տուպայ» ամէնէն խորունկ լողաւազանի տիտղոսը խլեց Լեհաստան գտնուող 45 մեթր խորունկ Տիփսփոթ լողաւազանէն[1]:

Տուպայի լողաւազանը ունի 60,2 մեթր խորութիւն եւ կը պարունակէ 14 միլիոն լիթր տաք ջուր` համապատասխան վեց ողիմպիական լողաւազաններու:

Լողաւազանը շինուած է ոստրէէ եւ այցելուներու կ'առաջարկէ «Խորտակուած քաղաքը» անունով «պտոյտ» մը, 30 աստիճան տաքութեամբ ջուրի մը մէջ: Այս ընդծովեայ արկածախնդրութեան կրնան մասնակցիլ 10 տարեկանէն բարձր սուզուողներ, որոնց ընկերանայ առաջնորդ մը:

Իւրաքանչիւրի մակարդակին համաձայն, սուզուողները կրնան իջնել իրենց ուզած խորութիւնը, եւ մասնակցիլ առաջարկուած տարբեր ժամանցներուն` հեծիկ, պէյպի ֆութ եւ այլն։

Վայրը ամբողջովին ապահով է եւ օժտուած ընդծովեայ 56 քամերաներով. սակայն լողաւազանը հսկայական աքուարիոմ մը չէ, որովհետեւ հոն չեն ապրիր ծովային անասուններ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Katz Leslie։ «World's deepest swimming pool hides vast sunken city 200 feet underwater»։ CNET (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 19 July 2021 
  2. CNN By Maggie Hiufu Wong (9 July 2021)։ «World's deepest pool opens in Dubai, part of huge underwater city»։ CNN (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 19 July 2021 
  3. «Ո՞վ Կը Ստեղծէ «Էմոճիները»»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2021-07-17։ արտագրուած է՝ 2021-07-26