Տիգրան Սարաֆեան (Հ.Մ.Մ.)
| Տիգրան Սարաֆեան | |
|---|---|
| Ծնած է | 1927- |
| Ծննդավայր | Պէյլան |
| Մահացած է | 7 Հոկտեմբեր 2020 |
| Մահուան վայր | Լոս Անճելըս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու |
| Ազգութիւն | Հայ |
| Կարողութիւն | կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ |
| Մասնագիտութիւն | մարզական պաշտոնյա |
| Գործունէութիւն | Հայ Մարմնամարզական Միութեան (Հ.Մ.Մ.) երկարամեայ ատենապետ, |
| Աշխատավայր | Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ անդամ |
| Կուսակցութիւն | Ս.Դ.Հ.Կ.-ի շարքեր |
| Ամուսին | Վարդուհի Սարաֆեան-Թաթուլեան |
| Երեխաներ | Որդին՝ Համբիկ կամ Համբարձում Սարաֆեան, դուստր՝ Հուրի Սաթեան-Սարաֆեան եւ դուստր՝ Նորա Միհրանեան-Սարաֆեան |
Տիգրան Սարաֆեան, երկարամեայ ազգային գործիչ: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ անդամ, Հայ Մարմնամարզական Միութեան (Հ.Մ.Մ.) երկարամեայ ատենապետ եւ Հ.Մ.Մ.-ի պատմագիրքերու հեղինակ: Ան Միջին Արեւելքի Հայ համայնքներէն ներս երկար տարիներ ծառայեց սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայրենասիրական դաստիարակութեան գործին:Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, ան դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան կնքահայրերէն մին էր, որուն պատճառով լիբանանահայութիւնը եւ հայկական թաղամասերը նուազագոյն վնասով դուրս եկան[1]:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տիգրան Սարաֆեան ծնած է Պէյլան, 1927-ին, փոքր տարիքէն անդամակցելով Հ.Մ.Մ.-ի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի շարքերուն[1]: Ան 20 տարիներ ստանձնած է Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը, իսկ 1985-2009 տարիներուն հինգ Կեդրոնական Վարչութիւններու Ատենապետ, իր միութենական առաքելութեամբ ան գտնուած է Հ.Մ.Մ.–ի կազմակերպական գրեթէ բոլոր շրջանները եւ լուրջ աշխատանք տարած է անոր բազմազան յանձնախումբերէն ներս, ամենայն բծախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ[1]: Ան իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է ՀՄ.Մ.-էն ներս, գլխաւորաբար ծառայելով սկաուտական եւ երիտասարդական շարքերուն:
Տիգրան Սարաֆեան եղած է կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի շրջանի Վարչական մարմնի երկար տարիներու անդամ:
Տիգրան Սարաֆեան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան եւ ազգային համերաշխութեան մթնոլորտի պահպանման գծով, յատկապէս հայկական կուսակցութիւններուն կողմէ «պատերազմի միացեալ մարմինի» ատենապետն էր[2]:
Կեանքի վերջին տարիներուն Ընկ. Սարաֆեան հասցուց գրելու Հ.Մ.Մ.-ի պատմութիւնը` երկու հատորներով:
| Հայաստանի անկախացումէն ետք, Տիգրան Սարաֆեան իր ծանօթութիւներուն բերումով կարեւոր դեր ունեցաւ հիմնելու Հ.Մ.Մ. Հայաստանի մէջ։ - Հ.Մ.Մ.–ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ
ՄԻՍԱՔ ՆԱՃԱՐԵԱՆ |
Վեթերան ընկեր, երկարամեայ ազգային գործիչ Տիգրան Սարաֆեան մահացաւ 7 Հոկտեմբեր 2020-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
| Տարբեր ժամանակներու, տարբեր արժէքներու, տարբեր մտքի եւ իմացականութեան, հարուստ փորձառութեան եւ հանդարտաբարոյ նկարագրի տէր լիարժէք հայ մարդ: Յարգանք իր յիշատակին: Կը խոնարհիմ: |
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ոչ Եւս Է Ընկ. Տիգրան Սարաֆեան
- Տիգրան Սարաֆեան Հ.Մ.Մ.–ի 100 տարուան պատմութեան 80 տարիներուն պատմագիրն է: