Տիգրան Մանաւեան
Տիգրան Մանաւեան | |
---|---|
Ծնած է | 1841 |
Ծննդավայր | Հալէպ |
Մահացած է | 7 Նոյեմբեր 1888 |
Մահուան վայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | ուսուցիչ |
Տիգրան Մանաւեան (1841, Հալէպ - 7 Նոյեմբեր 1888, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ ուսուցիչ։
Տիգրան Մանաւեան տքնջան ուսուցիչը ծնած է 1841-ին Բերիա (Հալէպ): Զաւակն էր Յովհաննէս Արսէնեան անուն աղքատ մրգավաճառի մը։ Հազիւ 10 տարեկան կը ստիպուի սեփական աշխատութեան դիմելու։ Սակայն հօրեղբայրը զինք կ'առաջնորդէ մտաւոր կրթութեան։
Ապա՝ Մանաւեան կը դրուի տպարանի մը մէջ իբր աշակերտ, ուր կ'ուսանի վիմագրութեան արուեստ, միանգամայն նոյն միջոցին աշակերտելով Վէզիր խանի մէջ տեղի ունեցած դասախօսութեանց։
Այդ կերպով, իբր ուշիմ տղայ, յառաջդիմութիւններ կ'արձանագրէ, ուսանելով բաւականաչափ հայերէն։ Տիգրան՝ ջղուտ, կրքոտ, ըմբոստ եւ յանդուգն բնաւորութեան տէր անձ մըն էր։ Ուստի 1861-ին Տիգրանեան Մկրտիչ հրաշագործ վարպետին հետ կը մեկնի Բալուի Քաղցրահայեաց վանքը թէ՛ ուսանելու եւ թէ ուսացանելու համար։ Տիգրանի ձեռներէց ոգին ի յայտ կու գայ նոյն թուականին իսկ, երբ կը հրատարակէ «Արեւակ» անունով թերթ մը՝ վիմագրութեամբ։
Հայաստանի օդն ու ջուրը եւ բարքերը Տիգրանը կ'ընեն կտրիճ մը, որուն ձեռքէն անպակաս կ'ըլլայ հրացանը։
1869-ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ շարունակելով հետեւիլ ուսուցչական ասպարէզին, Ռոտոսթօ կը մեկնի տեղւոյն վարժարանին մէջ դասախօսելու համար։ Հոն կ'ամուսնանայ Աննա անուով աղջկան մը հետ, որմէ բազմաթիւ զաւակներ կ'ունենայ։
Տիգրան Մանաւեան թատրոնն ալ համարելով իբրեւ ժողովրդական դպրոց մը, կը գրէ «Գայլ Վահան» անունով թատերգութիւն մը, որուն ներկայացումը ջերմ ընդունելութեան կ'արժանանայ, Այդ գիրքը տպագրուած է 1874-ին։ Գրած է նաեւ «Վարդան Մամիկոնեան» կամ «Հայրենիքի նահատակը» անունով ողբերգութիւնը (տպուած Պոլիս 1911) եւ «Պատուհանի Մուրհակը» անունով զաւեշտը (տպուած Վառնա 1899):
Ասկէ ետք կը սկսի հայ ուսուցիչի թափառական կեանքը, քանի մը տարի Էտիրնէ, յետոյ Պոլիս, Եէնի Գափու (որբանոց), Սամաթիա, Խասգիւղ: Իր ուսուցչական պաշտօնը ի գործ դնելու համար, հեւ ի հեւ կը վազվզէ ու շունչ ու ոգի սպառելով կ'ուսուցանէ անընդհատ 20 երկար տարիներ եւ առ ի վարձատրութիւն իր գործունէութեան քսանամեակին՝ հրամանով այդ ժամանակուայ Պատրիարքին կը զրկուի իր բոլոր դասերէն եւ հետեւաբար ապրուստի միջոցէն, որովհետեւ յանդգնած է եղեր քննադատել Ուսումնական Խորհուրդի ուսումնական ծրագիրը Ազգ. թերթի մը մէջ, ըսելով թէ «Քռիլովի սայլին առակը շատ աղէկ կը յարմարի մեր դաստիարակութեան խնդրոյն, զոր տգիտութիւնը դէպի խաւար տանիլ կ'ուզէ, շահամոլութիւնը՝ դէպի իր արկղը, ակնկալութիւնը դէպի իր նպատակը»:
Կը մահանայ 7 Նոյեմբեր 1888-ին ու կը թաղուի Խասգիւղի գերեզմանատան մէջ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Արեւելք 1888 Դեկտեմբեր
- Դար Ե. Տէրմիրճիպաշեան
- Վարդան Մամիկոնեան յառաջաբան Մելքոն Կիւրճանէ 1911
- Մասեաց Աղաւնի 1857
- Վ.Գ. Զարդարեան, Յիշատակարան