Jump to content

Տենդ

Ջերմաչափ

Տենդը (անգլերէն՝ fever) մեր մարմնի տաքութեան բարձրացման ախտանշանն է եւ ընդհանրապէս կարճ ժամանակ ետք կը վերադառնայ իր բնականին:

Տենդը բնական պաշտպանողական գործընթաց է եւ ինքնին մեծ վտանգ չի ներկայացներ առողջութեան ու կեանքին, քանի որ անիկա հիւանդութիւն մը չէ, այլ՝ հիւանդութեան դէմ պայքարելու գործընթաց:

Ան կը նկատուի մարմնի դիմադրողականութեան միջոց՝ հակակշռելու համար առողջութեան դէմ ներկայացուած վտանգ մը կամ կացութիւն մը:

  • Ժահրային (viral) եւ/կամ ցպկային (bacterial) բորբոքումներ եւ վարակներ
  • Քաղցկեղ
  • Միջավայրային ազդակներ
  • Որոշ դեղերու գործածութիւն
  • Դիմադրողականութեան նուազում
  • Մարմնի հիւսկէններու (tissue) բնաջնջում՝ վիրաբուժական գործողութիւններ եւ մարմնական վնաս-հարուածներ եւ վարակներ
  • Արեւահարութիւն եւ ջերմահարութիւն (heat stroke, thermal burn)
  • Անյայտ պատճառներ

Տենդը ընդհանրապէս ժահրային եւ կամ ցպկային բորբոքումի մը ցուցանիշն է: Անոր զարգացման անմիջական պատճառն են ջերմածին (heat producing) նիւթերը, որոնք կու գան արտաքին եւ ներքին աղբիւրներէ: Արտաքին աղբիւրներն են՝ արտաքին շրջապատէն դէպի մեր մարմինը թափանցող ժահրերն ու ցպիկները. իսկ ներքին աղբիւրներն են՝ մարմնի որոշ հիւսկէններու բջիջները: Ջերմածին նիւթերը հասնելով ուղեղ՝ գործի կը մղեն անոր ջերմականոնաւորման (heat regulating) կեդրոնը, որ իր հրահանգներիվ կը կանոնաւորէ մարմնին ջերմաստիճանը երկու միջոցառումներով՝ ջերմառաջացումով (heat producing) եւ ջերմատուութեամբ (heat dissipation-loosing):

Տեսակներ Եւ Հանգրուաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տենդը կրնայ ըլլալ ժամանակաւոր եւ կամ մնայուն: Ժամանակաւոր տենդը կը պատահի օրուան որոշ մէկ ժամուն եւ որոշ տեւողութեամբ. մնայուն տենդը երկարատեւ է. ան կրնայ տեւել օրեր եւ կամ շաբաթներ: Տենդը ջերմաստիճանի անբնական բարձրացումն է, որ կը յառաջանայ երեք ձեւով.

  • Մարմնի ջերմառաջացումի մագլցում
  • Մարմնի ջերմատուութեան դանդաղեցում
  • Միատեղ մարմնի ջերմառաջացումի մագլցում եւ ջերմատուութեան դանդաղում

Տենդը կը զարգանայ երեք հանգրուաններով.

  • Ջերմաստիճանի բարձրացման հանգրուան - Այս հանգրուանին տեղի կ'ունենայ ջերմառաջացում, որ հետեւանքն է մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումի (metabolism) գործընթացին եւ ջերմատուութեան, որ իր կարգին հետեւանքն է մարմնի մակերեսի եւ ծայրամասերու զարկերու ընդլայնումին: Այս հանգրուանին ջերմառաջացումը կը գերակշռէ ջերմատուութիւնը:
  • Բարձր ջերմաստիճանի պահպանման հանգրուան - Այս հանգրուանին կը սաստկանան ջերմառաջացումն ու ջերմատուութիւնըխ
  • Ջերմաստիճանի նուազեցման հանգրուան - Այս հանգրուանին ջերմատուութիւնը կը գերազանցէ ջերմառաջացումը եւ տեղի կ'ունենայ առատ քրտինքի արտադրութիւն:

Անդրադարձներ Մարմնին Վրայ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Դրական անդրադարձ - Այս պարագային կ'աշխուժանայ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակութիւնը, հակամարմիններու արտադրութիւնը, արեան շրջագայութիւնը եւ լեարդի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ արեան ճերմակ գնդիկներու արտադրութիւնը:
  • Բացասական անդրադարձ - Այս պարագային տեղի կ'ունենան կեդրոնական նեարդային (nervous system), սրտանօթային եւ ստամոքս-աղիքային համակարգերու գործունէութեան խանգարումներ, ինչպէս նաեւ սպիտակուցային (protein), ճարպային, ածխաջրատային (carbohydrate) նիւթափոխականութեան խանգարումներ: Մարմնի ջերմութեան մէկ աստիճան բարձրացումով, մարմինը կը կարօտի բնակարանէն 16 տոկոս աւելի թթուածինի: Այս յաւելեան թթուածինի պահանջը, յաւելեալ աշխատանքի կը մատնէ կեդրոնական նեարդային եւ սրտանօթային համակարգերու ու թոքերու գործունէութիւնը, որոնց ձախողութեան պարագային, ի յայտ կու գան մտահոգիչ եւ հիւանդագին երեւոյթներ:

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բժիշկ Բ., էջ 171-174, Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Անթիլիաս, 2011