Տեղեկատուական Պատերազմ

Տեղեկատուական պատերազմ (անգլ.՝ information warfare), գիտական, քաղաքական եւ ռազմական սահմանում մըն է:

Նկարագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեղեկատուական պատերազմը ունի հետեւեալ նշանակութիւնները.- Մարդկային հանրոյթներու դիմակայութեան գործընթաց, որ ուղղուած է մէկ կողմէ՝ ռազմավարական մակարդակի քաղաքական, տնտեսական, ռազմական կամ այլ նպատակներու ձեռք բերման, հակառակորդ երկրի քաղաքացիական բնակչութեան, իշխանութեան եւ կամ զինուած ուժերու վրայ ազդեցութիւն գործելով, յատուկ մշակուած եւ նախապատրաստուած տեղեկատուութեան, տեղեկատուական նիւթերու տարածմամբ, միւս կողմէ՝ սեփական երկրի նկատմամբ նման ազդեցութեան հակազդելուն։ «Տեղեկատուական-հոգեբանական պատերազմ» դերմինը փոխառութիւն է ԱՄՆ-ի ռազմական շրջանակներու բառապաշարէն։ Այդ դերմինի թարգմանութիւնը («information and psychological warfare») անգլերէնէն հայերէն կարող է հնչել թէ՛ որպէս «տեղեկատուական հակամարտութիւն», թէ՛ որպէս «տեղեկատուական, հոգեբանական պատերազմ», կախուած անկէ, թէ ինչպիսի՞ն է պաշտօնական փաստաթուղթի կամ գիտական հրապարակման գրութիւնը: Այդ առումով նաեւ կը գործածուի հոգեբանական պատերազմ դերմինը, նշանակելով հոգեբանական ներազդեցութիւնը հակառակորդ պետութեան քաղաքացիական բնակչութեան եւ կամ զինծառայողներու վրայ՝ քաղաքական կամ զուտ ռազմական նպատակներու ձեռքբերման համար: Նպատակաուղղուած գործողութիւններ, որոնք կը ձեռնարկուին հակառակորդին նկատմամբ տեղեկատուական գերազանցութեան հասնելու համար՝ հակառակորդի տեղեկատուութեան, տեղեկատուական գործընթացներուն եւ տեղեկատուութեան համակարգին վրայ յարձակման եւ վնասներ հասցնելու ճանապարհով, միաժամանակ պաշտպանելով սեփական տեղեկատուութեան, տեղեկատուական գործընթացներու եւ տեղեկատուական համակարգերը:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեղեկատուական պատերազմի առաջին վաւերագրուած արտայայտութիւններէն մէկը արձանագրուած է այսպէս կոչուած Արեւելեան պատերազմի կամ Ղրիմի պատերազմի ժամանակ (1853—1856), երբ Սինոպի ճակատամարտէն անմիջապէս ետք անգլիական թերթերը այդ ճակատամարտի մասին հաշուետուութիւն տալով, կը գրէին, թէ ռուսերը կը գնդակահարէին եւ վերջ կու տային ծովուն մէջ լողացող վիրաւոր թուրքերուն:

Տեղեկատուական պատերազմի ընդհանուր գիծերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

- Տեղեկատուական պատերազմ կը կատարուի մարդկային հանրութիւններու միջեւ, որոնք ստեղծած են իշխանութեան սեփական համակարգեր, ունին հակադիր, հակամարտ արժեհամակարգեր, որոնք կը ներառեն գաղափարախօսութիւն եւ իշխանութեան համակարգ։ Նման հանրութիւններ են ճանչցուած եւ չճանչցուած պետութիւնները, պետութիւններու դաշինքներն ու միութիւնները, քաղաքացիական պատերազմի կողմերը, ծայրայեղական, ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, որոնք կը ձգտին բռնի ուժով զաւթել իշխանութիւնը, անջատողական եւ ազատագրական շարժումները։

- Տեղեկատուական տարածքի մէջ ընթացող հակամարտութիւնը կ'ուղեկցի եւ կ'ապահովէ կեանքի եւ գործունէութեան հիմնարար ոլորտներու մէջ (քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ այլ) իրականացող հակամարտութիւն։

- Ռազմավարական մակարդակի վրայ, տեղեկատուական պայքարը կը մղուի արժէքներու, առաջին հերթին՝ դիմակայող կողմին համար հակադիր արժէքներու, աւերման նպատակով, անոնք սեփական արժէքներով փոխարինելու, հակառակորդի դիմակայութեան ներուժի աւերման, անոր պաշարներու, աղբիւրներու նուաճման, ենթարկեցման, սեփական շահերէն ելլելով անոնք օգտագործելու հնարաւորութեան ապահովման համար։

- Տեղեկատուական պատերազմին կրնան մասնակցիլ թէ՛ իշխանութիւններու ստեղծած կառոյցները, թէ՛ առանձին հանրութիւններ, խմբեր եւ անձեր։

- Տեղեկատուական պատերազմը անընդհատ կրնայ կատարուիլ եւ կը վարուի ո՛չ միայն զինուած պայքարի ընթացքին, այլեւ խաղաղ օրերուն։

- Տեղեկատուական պատերազմը տեղեկատուական հակամարտութեան ամենակարծր տեսակն է։ Գոյութիւն չունին տեղեկատուական պատերազմի վարման եղանակներու եւ միջոցներու համընդհանուր ընդունելութիւն գտած իրաւաբանական, բարոյական ձեւեր եւ սահմանափակումներ։ Տեղեկատուական պատերազմի վարման եղանակներն ու միջոցները սահմանափակուած են միայն անոր արդիւնաւէտութեան պատկերացումներով։

- Տեղեկատուական պատերազմին կ'օգտագործուին միջոցներու ամբողջութիւն մը՝ սկսած «ամենակեղտոտներէն», ուղղակի սուտէն, մինչեւ իրական բովանդակութեամբ տեղեկատուութեան «ամենանուրբ» մատուցման եղանակներով։ Կ'օգտագործուին Տեղեկատուութեան մատուցման տարբեր ձեւերը, յաջորդականութիւնը, կրկնութիւնը, ժամանակային կառուցուածքի ընտրութիւնը, հերթականութիւնը եւ այլն, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային՝ նաեւ անցանկալի տեղեկատուութեան տարածման խոչընդոտում, արգելափակում, շրջափակում, տեղեկատուութեան՝ յատկապէս՝ վիճելի տեղեկատուութեան տարբեր մեկնաբանութիւնները։ Զանգուածաբար կ'իրականացուի տեղեկատուութեան «միակողմանի» մատուցում, տեղեկատուութեան զտում հանրութեան շահերուն չհամապատասխանող տարրերէն, սեփական կողմի մասին տեղեկատուութեան «ճերմակեցում», «սպիտակեցում» եւ ընդհակառակը՝ հակառակորդի մասին տեղեկատուութեան «սեւացում», «խաւարում»։

- Տեղեկատուական պատերազմի միջոցներու կարգին չեն մտներ ահաբեկչութիւնը, պայքարի տնտեսական եւ դիւանագիտական միջոցները, հոգեներգործող միջոցներու կիրառումը, կաշառքը, ֆիզիքական ներազդումը, արմատականներու եւ ազդեցութեան գործակալներու ֆինանսաւորումը եւ այլն։ Սակայն նշուած ներազդեցութեան միջոցները համադրաբար կը կիրառուին տեղեկատուական պատերազմի վարման միջոցներուն զուգահեռ եւ միաժամանակ: