Վերելակ
Վերելակ, մարդ կամ բեռ տեղափոխող, բարձրացնող խցիկ:
Արդի վերելակը հնարած է ամերիկացի Էլիշա Օթիս, շուրջ 1852-ին[1]:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1857-ին, Նիւ Եորքի մէջ առաջին շէնք մը կ'օժտուի Օթիսի կողմէ շինուած վերելակով մը: Այս գիւտին շնորհիւ` միշտ աւելի բարձր շէնքեր պիտի շինուին Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
Այդ ժամանակաշրջանին բազմաթիւ գիտաշխատողներ արդէն ստեղծած են վերելակներ: Սակայն մարդիկ կը վախնային եւ կը մտածէին, թէ անոնք վտանգաւոր են:
Օթիս իր գիւտը կը ներկայացնէ 1854-ին, Նիւ Եորքի մէջ: Ան կ'ելլէ տափարակ մակերեսի մը վրայ, որ դէպի վեր կը քաշուի հաստ չուաններու միջոցով: Ապա ան իր օգնականներէն կը պահանջէ, որ չուանները կացինով կտրեն: Այդ վայրկեանին վերելակը քանի մը սանթիմեթր միայն կ'իջնէ, ապա կ'անշարժանայ:
Օթիս հնարած է արգելակի դրութիւն մը, որ վերելակը շատ ապահով կը պահէ[2]: