Jump to content

Վերածնունդ (վէպ)

Վերածնունդ (վէպ)
Հեղինակ Սթիվն Քինք
Լեզու Անգլերէն
Ոճ Սարսափ Միստիկա
Հրատարակչական թուական
Նոյեմբեր 11, 2014
Գիրքի տեսակ Կոշտ Կազմ
Էջ 405


«Վերածնունդ» (անգլերէն՝ Revival), Սթիվն Քինկի յիսունութերորդ վէպը[1], որ առաջին անգամ հրապարակուած է 11 Նոյեմբեր 2014-ին՝[2]՝Scribner's հրատարակչութեան կողմէ։ «Վերածնունդը» 2014-ին Քինկի գրած երկրորդ վէպն է[1]։

Մէն նահանգի փոքրիկ քաղաքներէն մէկուն մէջ իր կնոջ եւ փոքր երեխային հետ Չարլզ Ճէյքըպս անունով քահանայ մը կ'ապրէր։ Գլխաւոր հերոսը, որու կողմէ կը պատմուին իրադարձութիւնները, վեցամեայ Ճէյմի Մորթոնն է, որ կ'ապրի բազմազաւակ ընտանիքի մը մէջ։ Քաղաքին բոլոր բնակիչները կը սիրեն բարի Չարլզը, որ հետաքրքրուած է ելեկտրականութեամբ, ինչպէս նաեւ անոր կինն ու երեխան։ Սակայն ամէն ինչ կը փոխուի, երբ կինն ու որդին կը մահանան սարսափելի արկածով մը։ Ճէյքըպս մեծ ցաւ կ'ապրի՝ իմանալով հարազատներուն մահը եւ կը հիասթափի Աստուծմէ։ Ան պատարագի ատեն մեղադրական ճառ մը կ'արտասանէ կրօնի եւ Աստուծոյ դէմ։ Այդ պատճառով զինք պաշտօնազուրկ կ'ընեն, եւ ան կը հեռանայ քաղաքէն՝ նախապէս զրուցելով Ճէյմի հետ։

Ճէյմի կը մեծնայ երաժիշտ դառնալու ցանկութեամբ եւ կը մտնէ դպրոցական երգչախումբի մը մէջ, ուր թմրամոլ կը դառնայ եւ կը հանդիպի իր առաջին սիրոյն՝ Աստրիդին։ Վերջինիս հետ երկար յարաբերութիւն ունենալէ ետք կը բաժնուի անկէ։ Օր մը Ճէյմի ուշքը կորսնցուցած ինքզինք կը գտնէ նախկին քահանային տան մէջ։ Ճէյքըպս անոր կը պատմէ իր ապրած կեանքը, ապա իր «գաղտնի ելեկտրական» միջոցներով Ճէյմին կը փրկէ թմրամոլութենէ, որմէ ետք կը բաժնուին։

Ճէյմիի կը հետապնդէին տարօրինակ ու սարսափելի երազներ, ուր ան կը տեսնէր իր ընտանիքին մահացած անդամներուն։ Այս ամէնը կը յանգեցնէր այն բանին, որ Ճէյմի կը սկսի հետաքննութիւն եւ բացայայտը, որ միւսները, որոնք բուժուած են Ճէյքըպսի կողմէ, նոյնպէս կը տառապէր կողմնակի ազդեցութիւններէն, որոնք որոշ պարագաներու կը բերէր ինքնասպանութեան։

Քանի մը տասնամեակ ետք Ճէյքըպս ելեկտրոնային նամակին միջոցով կը կապուի Ճէյմիի հետ եւ ցոյց կու տայ նամակ մը, որ գրուած է Աստրիթի կողմէ քահանային՝ զինք բուժելու խնդրանքով։ Անոր մօտ թոքերու ուռուցք կը յայտնուի։ Ճէյքըպս կը խոստանայ բուժել զինք, բայց միայն այն պայմանով, որ Ճէյմի դառնայ իր անձնական օգնականը վերջին փորձարկման ժամանակ։ Ճէյմի դժկամօրէն կը համաձայնի, բայց միայն իր առաջին սիրածին համար։

Ճէյմիի եւ Աստրիթի ընկերուհին Ճեննին (որ ինչպէս կը պարզուի վերջապէս օգնականն է) կ'օգնեն Ճէյքըպս պատրաստուած է վերջնական փորձին։ Ճէյքըպս աւարտած է իր «գաղտնի ելեկտրականութեան» աշխատանքները, ամենակարող ուժի աղբիւրը, որ կ'օգտագործէ իր կողմէ երկար տարիներ իրականացուող հրաշալի բուժումները։ Հիմա Ճէյքըպս պարտաւոր է օգտագործել այդ ուժին ալիքը եւ ուղարկել այն մահացու հիւանդ կնոջ վրայ, որուն անունն է Մէրի Ֆէյ, որ տեղափոխուած է իր տարրրալուծարանը։

Փորձը տեղի չ'ունենար այնպէս, ինչպես կը պատկերացնէր Ճէյքըպս։ Վերակենդանացած Մէրի Ֆէյ իրօք կը դառնայ դէպի ոչ երկրային կեանք, սակայն ի դժբախտութիւն Ճէյմիի եւ Ճէյքըպսի, այնտեղ չկայ քահանաներու համար դրախտ, ոչ ալ դժոխք մեղաւորներու համար։ Անոր փոխարէն բոլորին կը սպասուի նոյն ճակատագիրը՝ խառնաշփոթ մը, ուր բոլոր մարդիկ կը ծառայեն զզուելի արարածներու, որոնց կը ղեկավարէ Թագուհին, որ ունի մեծ մրջիւնի տեսք։ Ճէյքըպս կը մահանայ ուժեղ ելեկտրահարութենէ, իսկ Թագուհին կը փորձէ դուրս գալ արտաքին աշխարհ եւ յարձակիլ Ճէյմիի վրայ, սակայն ան կը սպասէ կենդանացած Մէրի Ֆէյը եւ վերջ կը դնէ ամէն ինչի։

Աւելի ուշ, այն մարդիկը, որոնք բուժուած են Ճէյքըպսի կողմէ, խելագարուած են եւ կը սպապեն իրենց եւ ուրիշներուն։ Անոնց կը թուի նաեւ Աստրիթը, որ կը սպասէր իր օգնականին եւ իրեն։ Ճէյմի, որ ողջ մնացած էր Ճէյքըպսի բուժումէն ետք, կը մնար հակայուսալքուածութեան յոյսին։ Ան գիտէր, որ անկախ այն բանէն, թէ ինչ տեղի կ'ունենայ, ան կը մեռնի իյնալու Թագուհիին առջեւ։

Գրման Պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վէպին մասին Քինկի կողմէ առաջին ակնարկը եղած է 20 Յունիս 2013-ին, երբ ան իբրեւ նոր լոյս տեսնող«Գմբէթի տակ» ֆիլմին գովազդ՝ տեսազրոյցը կ'ընէր իր ընկերներուն հետ։ Զրոյցի ընթացքին գրողը կ'ըսէ, որ իր նոր՝ «Վերածնունդ» վէպին կէսը արդէն գրած է։ Վէպին մասին պաշտօնապէս յայտարարուած է 12 Փետրուար 2014-ին[3]։ Վէպէն հատուած մը ներառուած էր Քինկի «Բժիշկ Քուն» ստեղծագործութեան տպագրուած հրատարակութեան վեջնամասին մէջ, որ լոյս տեսած էր 10 Յունիս 2014-ին [4]։

«Rolling Stone» ամսագիրի հարցազրոյցին Քինկ կը նշէ, որ «Վերածնունդը» ոգեշնչուած է Արթիւր Մեյքենի «Մեծ Աստուծոյ թաթը» եւ Մէրի Շելլիի «Ֆրանկենշտեյն» ստեղծագործութիւններէն։ Ինչպէս Քինկի միւս վէպերը, այս մէկի մտայղացումը նոյնպէս զինք կը հետապնդէր թերեւս մանուկ հասակէն[5]։

«Վերածնունդը»ը ստացած է դրական գնահատականներ, ներառեալ այն փաստը, որ շատ քննադատներ զայն նմանեցուցած են սարսափ արթող դասական ստեղծագործութիւններուն՝ ինչպիսիք են Մէրի Շելլիի «Ֆրանքըշթայնը» եւ Արթիւր Մեյքենի «Մեծ Աստուծոյ թաթը», ինչպէս նաեւ Հուարդ Ֆիլիփս Լովքրաֆթի գիրքերը։ Յուլիս 2015-ին «Վերածնունդը» Goodreads կայքին 5 նիշերէն ստացած էր 3.76՝[6] հիմնուելով 35.517 գնահատականներու վրայ, իսկ Barnes & Noble կայքը գնահատուելով 209 քննադատներու կողմէն՝ ստացած է 3.5 միաւոր[7]։

«New York Times»-ի Տանիէլ Տրուսոնի «Վերածնունդը» նկարագրած է այսպէս, «Մաքուր Սթիվըն Քինկ․․․ «Վերածնունդը» կարդալէն կը զգաս, որ վարպետ հեքիաթասացը ժամանակ ունի պատմելու իր կեանքին մասին»։ Տրուսոնի նշած է նաեւ, որ գիրքը լեցուն է բարձր եւ ցած մշակութային ակնարկներով։ Ի յաւելումն «Աստուածաշունչի» եւ «Ֆրանքըշթայն»ի, գիրքն ուղիղ կապեր ունի Մենլօ Պարկի, Տեն Պրաունի «10 փաստաթուղթերը», «Մոռցուած գիրքեր» ստեղծագործութիւններու հետ, որոնք այրած են Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէն[8]։

«Washington Post»-ի խմբագիր Էլիզապէթ Հենտ նոյնպէս բարձրաձայնած է «Վերածնունդի» ոգեշնչման աղբիւներու մասին։ «Քինկի արձակը միշտ կը պայթէր, ներառելով ժամանակակից ռեալիզմը եւ տիեզերական-սարսափը»[9][10]։:

Ուրիշ Ստեղծագործութիւններու հետ Կապ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ճէյմի Մորթոնի հետ խօսակցութեան ատեն Չարլզ Ճէյքըպս կը յիշեցնէ այն մասին, որ ան աշխատած է «Ճոյլենտ» զուարճանքի այգին, որ կը գտնուի Հիւսիսային Քարոլինայի ափամերձ շրջաններուն մէջ, որ ներկայիս փակ է։ «Ճոյլենտ» այգին նկարագրուած է Քինկի «Երջանկութեան երկիր» վէպին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]