Jump to content

Վե­տաթ ­Թիւր­քա­լի

Վե­տաթ ­Թիւր­քա­լի
թրք.՝ Vedat Türkali և թրք.՝ Abdülkadir Pirhasan
Ծննդեան անուն թրք.՝ Abdülkadir
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Vedat Türkali
Ծնած է 13 Մայիս 1919(1919-05-13)[1][2]
Ծննդավայր Սամսուն, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[3]
Մահացած է 29 Օգոստոս 2016(2016-08-29)[4][2][3] (97 տարեկանին)
Մահուան վայր Եալովա, Թուրքիա[3]
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա և  Օսմանեան Կայսրութիւն[3]
Մայրենի լեզու թրքերէն
Ուսումնավայր Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան բաժին[3] և Պոլսոյ Համալսարան
Մասնագիտութիւն հեղինակ, գրագէտ և ժապաւէնի բեմադրիչ
Երեխաներ Deniz Türkali? և Barış Pirhasan?

Վետաթ Թիւրքալի (13 Մայիս 1919(1919-05-13)[1][2], Սամսուն, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[3] - 29 Օգոստոս 2016(2016-08-29)[4][2][3], Եալովա, Թուրքիա[3]), թուրք թատերագիր, վիպագիր եւ բեմագիր։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Սամսուն, աւարտած է Սամսունի աւագ դպրոցը, ապա 1942-ին՝ Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի թուրքերէնի եւ գրականութեան բաժինը:

Մալթեփէի եւ Քուլելիի զինուորական դպրոցներուն մէջ դասաւանդած է գրականութիւն։

1951-ին իր քաղաքական կողմնորոշումներուն համար դատապարտուած է 9 տարուան բանտարկութեան։ 7 տարի բանտարկուելէ ետք պայմանականօրէն ազատ արձակուած է: Հիմնած է «Գառ» հրատարակչատունը:

1960-ին շարժապատկերի բնագաւառին մէջ սկսած է քայլեր առնելու: 1965-ին «Մթութեան մէջ արթնցողները» ժապաւէնը Անթալիոյ «Ոսկէ Նարին» շարժապատկերի փառատօնին արժանացած է ամէնէն լաւ բեմագրութեան մրցանակին։ Ան նաեւ շարք մը այլ բեմագրութիւններու հեղինակ է։

Թիւրքալի Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան, քաղաքական քննարկումներու ոլորտին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ: Նախապէս Թուրքիոյ Համայնավար Կուսակցութեան մաս կազմած Թիւրքալի, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, եղած է աշխատաւորներու, ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան պայքարի առաջին շարքերուն մէջ[5]։

1958 թուականէն սկսեալ Ան գրած է աւելի քան քառասուն բեմագրութիւններ, բեմին համար հեղինակած է չորս թատերախաղեր եւ գրած՝ ութ վէպ[6]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
  2. 1 2 3 4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. 1 2 3 4 5 6 7 8 https://teis.yesevi.edu.tr/madde-detay/vedat-turkali
  4. 1 2 https://www.evrensel.net/haber/288798/vedat-turkaliyi-kaybettik
  5. «Մահացած է Ցեղասպանութեան մասին գրած թուրք հեղինակը՝ Վետաթ Թիւրքալի»։ archive.azator.gr։ արտագրուած է՝ 2022-03-28
  6. «"Kemalistler Kürtlere adice bir oyun oynadı»։ www.haberturk.com