Վարուժան Սէթեան

Վարուժան Սէթեան
Ծնած է 1929
Ծննդավայր Պէյրութ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն լուսանկարիչ

Վարուժան Սէթեան ծնած է 1929-ին Պէյրութ, լիբանանցի լուսանկարիչ է։

Կենսագրութիւն եւ դիմագիծ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարուժան Սէթեան ծնած է Պէյրութ 1929-ին։ Յաճախած է Էշրեֆիէի Ազգ.վարժարանը։ Տասներեք տարեկանին սկսած է լուսանկարչութեան, ուշագրաւ ընկերութիւն մը ցուցաբերելով իր վարպետներուն մօտ։

Գունաւոր իր դիմանկարները, որոնք կը ներկայացնեն Լիբանանի քաղաքական ու մշակութային կեանքին մեծ դէմքերը, նախանձելի վարկ մը կ'ապահովեն իրեն գունաւորի կալուածէն ներս։ Սակայն դիմանկարի անուրանալի արժանիքներու փաստը տուած ըլլալով հանդերձ նժարը կը հակի տեսարանի կողմը։ Հո՛ն է ինք իր ծանրութեամբ ու նաեւ թարմութեամբ եւ նորութիւններով։ Ասպարէզին մէջ արագ ու գնահատելի յաջողութիւններ արձանագրելով, ինքզինք պարտադրեց տեսարանի ճիւղին մէջ, իբրեւ այդ գործին անվիճելի վարպետներէն մէկը[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Գ, Պէյրութ, էջ 375։