Jump to content

Վարդան Կոմիկեան

Վարդան Կոմիկեան
Ծնած է 9 Յունուար 1915(1915-01-09) կամ 1915[1]
Ծննդավայր Ատապազար, Թուրքիա
Մահացած է 13 Յունիս 1998(1998-06-13)[2]
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Մայրենի լեզու թրքերէն
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Արամեան Ունճեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն արձակագիր
Աշխատավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Էսայեան Վարժարան

Վարդան Կոմիկեան (9 Յունուար 1915(1915-01-09) կամ 1915[1], Ատապազար, Թուրքիա - 13 Յունիս 1998(1998-06-13)[2], Պոլիս, Թուրքիա), հայ գրող։

Վ. Կոմիկեան ծնած է Ատաբազար: Փոքր տարիքին հաստատուած է Գատըգիւղ, Պոլիս:

Իր նախակրթութիւնը ստացած է Արամեան եւ Թորոսեան վարժարաններուն մէջ։ Ապա յաճախած է Կեդրոնական լիսէ, զոր աւարտած է 1923-ին։ Վկայուած է Իսթանպուլի համալսարանի Ատամնաբուժական ճիւղէն։

1949-էն սկսեալ, իր ասպարէզին առընթեր, վարած է հայերէնի ուսուցչութեան պաշտօններ՝ Կեդրոնական, Էսաեան լիսէներու, Դպրեվանքի մէջ եւ Ֆէրիգիւղի վարժարանը։

Վ. Կոմիկեան նպաստած է Պոլսահայ գրականութեան յառաջապահ շարժումին, նուաճելով նորավիպագրութեան արուեստը, իր բարձր թէքնիքով եւ հաղորդական գրաւիչ ոճով։

Յաճախ սրտմտութիւններով կը համեմէ իր նիւթերը, զորս կ'ընտրէ իր շրջապատէն, տալով առօրեայ կեանքէն իրական պատկերներ. գիտէ պարզ նիւթ մը սիրելի դարձնել ընթերցողներուն։

Սկսած է գրել դպրոցական շրջանէն։ Իր գրութիւնները առաջին անգամ լոյս տեսած են 1932-ին «Զարթօնք» ամսագրի մէջ, Վ. սկզբնատառով. աւելի վերջը հրատարակուած են «Արեւելք»ի յաւելուածներուն մէջ, Վ. Հազանդ գրչանունով:

Աշխատակցած է Պոլսահայ գրեթէ բոլոր օրաթերթ եւ հանդէսներուն: Տուած է թարգմանութիւններ, գրադատումներ, քերթուածներ ու մասնաւորաբար պատմուածք եւ վիպակներ Խաչիկ Արմիրեանի «Ճառագայթ» շաբաթաթերթին մէջ:

Հրատարակած է «Համրիչի Հատիկներ» պատմուածքներու շարքը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։