Վարդան Ծ․ Վրդ․ Յակոբեան

Վարդան Ծ․ Վրդ․ Յակոբեան (1862-1915 Ահարոն (Սասուն)), հայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ:

Կենսագրական[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս․Կարապետի վանքեն ուսում ստանալով կը ընդունուի Միաբանութեան շարքին մէջ եւ կը ստանայ Ասարկաւագի աստիճանը Մամբրէ Եպակ․ Մամիկոնեանէ որ 1880-ին վարդապետ կը ձեռնագրէ զինք․1880-1883, կը վարէ վարժարանի տեսչութեան պաշտօնը․1883-ին Կէնճ միւթէէսարըֆութեան վերածուելուն կը ստանձնէ նորակազմ վիճակին առաջն․տեղապահի պաշտօնը Միացեալ ընկերութեան դիմումներ կատարելով կը յաջողի 2 նախակրթարաններ պանալ․Կէնճի եւ Գուլբի մէջ․1887-ին երբ Սլիվանի քրդախօս հայեր անհովի մնալէն եւ իրաւունքնինկառավարութենէն անտեսուելէն յուսահատ կաթոլիկութեան կը դիմեն, ինք պատրաստակամութիւն կը յայտնէ հոն երթալու եւ ուրիշներու չյաջողածը գլուխը հանելու․վեհապետական Պատր․ է հովիւ կարգուելով՝ կը մեկնի Սլիվան եւ կարճ միջոցի մէջ մայրենի եկեղեցւոյ գիրկը կը դարձնէ իր հօտը․նաեւ ֆարխինի մէջ դպրոց մը հիմնելով՝ կը դնէ զայն Միացեալի տրամադրութեան տակ․յետոյ Կէնճ դառնալով՝ կը շարունակէ իր պաշտօնը․1893-1894 տեզի կը ունենայ Սասուն Տաւ․որիկի 2 կոտորածները շրջաբնակ Աշիրէթներու կողմէ որոնց կը միանան կանոնաւոր զօրքեր․Մուշ կը հասնի քննիչ յանձնաժողով մը ֆրանսա, Անգլիա եւ Ռուսիա հիւպատոսներէն բաղկացա՝ Շէֆիգ Պէյի նախագահութեամբ․Վարդան Վրդ․ հազիւ իր դեմ եղած քաղաքական ամբաստանութիւնները ազատաց ամէն վտանգի դիմագրաւելով՝ Սասնոյ խնդժութիւնները պարունակող ֆրանսական տեղեկագիր մը կը պատրաստէ եւ յանձնաժողովին կը հանցնէ, պաշտպանելով անմեղ ժողովուրդին դատը այնուհետեւ Իզմիրլեան պատրիարք առաջն․փոխանորդ կը անուանէ զինք, համիտեան արհաւրաւից այդ շրջանին երբ 1895-ի ջարդին հրամանը տրուածէր, Վարդան Վրդ․ իր հերատես եւ խոհեմ ընթացքով կը յաջողի Մուշ եւ շրջակայքը աղէտէն զերծ պահել․այսպէս կը հովուէ ու կը պահպանէ իր հօտն ու վանքերու գոյութիւնը մինջեւ 1899, երբ Բաբգէն Ծ․ Վրդ․ առաջն․ տեղապահ կը անուանուի Մշոյ, եւ ինք Ս Կարապետ կը քաշուի իբր վանահայրական փոխանորդ, այնպիսի ատեն մը երբ ուխտաւորական երթեւեկութիւնք եւ հասոյթներ դադրած էին, վանքին ու ագարակներուն շէնքերը քայքայուած, տուրքերն ալ դիզուած ըլլալով՝ խիստ հարկահանութեան մը կը ըսկսէր․Կասիլ չի գիտեր ան կը իջնէ դաշտի գիւղերը՝ մինջեւ Ջուխուր, հանգանակելով 800 ոսկի եւ վճարելով աղնամի, աշարի եւ եմլաքի տուրքեր․այս տքնութիւններուն քաղաքական գոյն կը տրուի սակայն, իբր թէ յեղափոխութեան անուամբ նպաստահաւաքութիւն մը ըրած ըլլար․ահագին զրկանքներու կուրծք տալով՝ հազիվ կը ազատէ օձիքը կենդրոնի կառավարութեան ձերքէն յետոյ կը նուիրուի շինարար գործին, խրիմեանէն հասած մասնակի նպաստներով նորոգելով Ս․Գերեզմանի գմբէթի վեղարը,մայր տաճարի որմերը, ուսումնարանը նաեւ կառուցանելով Բոխեղ Ձորի եւ ուրիշ տեղերու գոմեր․իսկ 1913-ին՝ վանքին Ս․ Գէւորգ եկեղեցին որ 1866-ի շարժէն վնասուածէր․նշանակութեան արժանի իր մէկ գործն ալ Վերին Կվարս ըսուած ընդարձակ հողերու դատին փոխանոորդութիւնն էր զոր 1881-էն սկսեալ վարելով՝ դատը շահեցաւ․1904-ի Սասնոյ ահաւոր կոտորածին՝ ինք էր որ Մուշ փութաց եւ արկածեալ ժողովուրդը հովուեց եռանդեամ, մինչ Ս․Կարապետի վանքը զերծ պահելու համար յեղափոխական ոտնձգութիւններէ՝ Համիտեան կառավարութիւնը հոն կը ղրկէր 200 զօրք, որոնք խելօք կեցան մինչեւ սահմանադրութեան հռչակունը, շնորհիւ Հայր Սուրբին շրջահայեցութեան․Խարախանեան-ի մահէն վերջ,անոր երբ կը յաջորթէր, ծերունազարդ վարդապետը նախկին իր կորովը կորուսած՝ կը հակառակուի ինքնապաշտպանութեան գործին եւ կը յաջորդէ ժողովուրդը որ զգոյշ շարժի․շատ մը երեւելիներու հետ զինքն ալ բոկոտն դուրս կը հանեն Մուշէն եւ Ալի Զռնան գիւղին մէջ կը այրեն նաւթով։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յուշարձան ապրիլ տասնըմէկի ,Ապրիլ տասնըմէկի սգահանդէսի յանձնախումբ,Կոստանդնուպոլիս 1919,էջ 83