Վահան Ա. Քհնյ. Թովմասեան
Վահան Ա. Քհնյ. Թովմասեան | |
---|---|
Ծնած է | 1857 |
Ծննդավայր | Քիլիս, Թուրքիա |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Վահան Ա. Քհնյ. Թովմասեան, աւազանի անունով Կարապետ, ծնած է սասունցի ծնողքէ, Քիլիս, 1857-ին։
Իր նախնական ուսումը կը ստանայ Գասպար, Անտոն եւ Սարգիս Վարժապետեաններուն քով։ Ան աւելի օգտուած է Քիլիսի Յովսէփ Պատուելիէն, որ եղած է նաեւ Քիլիսի դպրոցին առաջին բարեկարգիչը։
Կարապետ ինքնաշխատութեամբ զարգացած եւ տիրապետած է հայերէն լեզուին ու գրաբարին ու հետագային մտած է ուսուցչական ասպարէզ։
Կարապետ, որ ժողովուրդին կողմէ կոչուած է Կարապետ Խէլֆէ, եղած է փորձառու եւ վաստակաւոր ուսուցիչ եւ հասցուցած է բազմաթիւ աշակերտներ։ Անոնցմէ մէկն է քիլիսցի Տ. Վորէն Ա. քահանայ Ներսէսեան, որ մեծապէս օգտուած է իր ուսուցիչին գիտելիքներէն ու տպաւորուած՝ անոր պարկեշտ ու եկեղեցանուէր կեանքէն։
Կարապետ Խէլֆէ ուսուցչական ասպարէզի ընթացքին, քիլիսցի ընտանիքի մը աղջկան հետ կ'ամուսնանայ եւ հայրենակիցներու փափաքով ու տեղւոյն թաղականութեան որոշումով կը կոչուի քահանայական կարգի։
Իր քահանայական ձեռնադրութեան ու օծումը տեղի ունեցած են քիլիսի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, 1891-ին եւ վերակոչուած՝ Տէր Վահան։
Քահանայական պատրաստութեան շրջանը լրացնելէ ետք, Տէր Վահան հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Քիլիսի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ ծխական ժողովուրդին։
Իր ժողովուրդին տառապանքն ու բնաջնջումը խախտած են իր ֆիզիքական կառոյցը եւ յառաջ բերած ուղեղային խանգարում։ Իր քահանայութեան վերջին երկու տարիներու կեանքը եղած է շատ ողբալի։
Ի տես իր առոզջական խանգարուած վիճակին, ազգայիններ դիմած են Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան, որպէսզի Տէր Հայրը Ազգ. Հիւանդանոց փոխադրեն ու անհրաժեշտ դարմանումները կատարեն։ Յանձնարարուած է, որ քահանան անմիջապէս ղրկեն հիւանդանոց։ Ամէն ինչ կը կարգադրուի որպէսզի որողեալ օրը քահանան շոգեկառքով ղրկեն Պոլիս։ Բայց ափսո՜ս, որ նոյն մեկնումի օրը ան կը մահուան ։ Նախախնամութիւնը չէ կամեցած, որ իր պատուական մէկ ծառան աւելի տառապի հիւանդանոցին մէջ։
Տէր Վահանի Թաղմանական կարգն ու վերջին օծումը կատարուած էՀալէպի մէջ, 1923-ին եւ մարմինը ամփոփուած՝ Հայոց Ազգային Գերեզմանատունը։
Առի գնահատանք իր տարիներու բարւոք ծառայութեան, ան արժանացած է Աւազութեան պատիւն ու տիտղոսին[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 44։