Jump to content

Վալանթին Մազլում

Վալանթին Մազլում
Ծնած է 1914 կամ 1913[1]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 2000[1]
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն և  Թուրքիա
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն երաժիշտ

Վալանթին Մազլում (1914 կամ 1913[1], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 2000[1], Պոլիս, Թուրքիա), դաշնակահար։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պոլիս, Պաքըրգիւղ թաղը։ Մօրենական կողմէ կը սերէր ԺԹ. դարուն արեւմտահայութեան երեւելի դէմքերէն Յարութիւն ամիրա Կէլկէլեանի գերդաստանէն։ Մօր ջանքերով փոքր տարիքէն ստացած է դաշնամուրի կրթութիւն[2]։

Նախակրթութիւնը Պէզազեան վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, երկրորդական ուսումը շարունակած է ֆրանսական վարժարանին մէջ։ Ապա անցած է Փարիզ՝ կատարելագործելու համար իր երաժշտական ուսումը։ Միաժամանակ հետեւած է Սորպոնի համալսարանի գրականութեան դասընթացքներուն։ Աւարտած է «École Normale de Musique»ը եւ ստացած ուսուցման լիսանս։

1939-ին վերադարձած է Իսթանպուլ։ Փարիզի եւ Իսթանպուլի մէջ մասնակցած է երաժշտական ձեռնարկներու եւ տուած է համերգներ եւ մասնակցած՝ հեռատեսիլի յայտագիրներու։

1952էն ի վեր նուիրուած է երաժշտական ուսուցման։ Երաժշտական գործունէութեան կողքին, ան զբաղած է նաեւ գրականութեամբ։ Իր արձակ գրութիւններով աշխատակցած է «Քուլիս» ամսաթերթին: Գրութիւններէն մաս մը ամփոփուած է «Երազի Նման...» խորագրեալ գրքոյկի մը մէջ։ Իր ջանքերով եւ Երուանդ Կոպէլեանի խմբագրութեամբ 1995-ին լոյս տեսան իր քրոջ, ողբացեալ նկարչուհի-գրագիտուհի՝ Ֆիմի Մազլումի արձակ էջերը՝ բանախօսութիւններ եւ թարգմանածոյ աշխատասիրութիւնները՝ «Անձեր Եւ Անցքերը»։

Իր հրատարակած գործերէն՝ «Երազի Նման...» (արձակ էջեր), Իսթանպուլ, 1993[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 Identifiants et RéférentielsABES, 2011.
  2. «Վալանթին Մազում - Aras Yayıncılık»։ Վալանթին Մազում - Aras Yayıncılık (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2026-04-15
  3. Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։