Ս. Ռիթա
Ս. Ռիթա (1381 – 22 Մայիս 1457), իտալացի սրբուհի:
Կեանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Իտալիոյ Քաշիա աւանին մէջ 1381-ին: Ան Բարեպաշտ ընտանիքի մը դուստրն էր: Փոքր տարիքէն կը փափաքէր վանք մտնել եւ հոգեւոր կեանք մը վարել: Բարձր ժայռերու վրայ բարձրանալով՝ յաճախ ծնրադիր կ'աղօթէր: Ռիթային ծնողքը կ'ուզէր ամուսնացնել զինք:
Իր ծնողներուն կամքին հնազանդելով կ'ամուսնանայ եւ երկու զաւակ կ'ունենայ, սակայն ամուսնական կեանքը տառապանքով եւ նեղութիւններով անցընելէ ետք, կը կորսնցնէ ամուսինը եւ երկու զաւակները:
Զաւակներուն մահէն ետք կը դիմէ Օգոստինեան Քոյրերու վանքը, սակայն զինք չեն ընդունիր, որովհետեւ վանքին կանոնները բացարձակապէս կ'արգիլէին այրիներուն մուտքը մենաստանէն ներս: 1413-ին, գիշեր մը՝ տեսիլք կ'ունենայ եւ սուրբերու առաջնորդութեամբ Ս. Օգոստինոսի միջնորդութեամբ մուտք կը գործէ մենաստան 32 տարեկանին եւ Ս. Օգոստինոսի կոյսերուն սքեմը կը հագնի, ուր կ'ապրի մինչեւ մահ:
Մենաստանին մէջ, Ռիթա իր կրօնաւորական կեանքը կը սկսի, եւ սրբակերտումի ճամբան կը համակէ իր ամբողջ էութիւնը:
Սրբուհի Ռիթային անունին հետ կապուած հրաշքներ կը պատահին եւ ժողովուրդը զինք կը հռչակէ. «Անկարելի բաներու սրբուհին» կամ «Պաշտպան անյոյս դատերու»: Ան կը կոչուի նաեւ «Անհաւատներու Սրբուհին»[1]:
Անոր հռչակը կը տարածուի ամէն կողմ, նոյնիսկ այլ կրօններու ժողովուրդներուն մօտ:
Սրբադասում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1628-ին Ուրբանոս Ը. Քահանայապետին կողմէ, Ռիթա երանելի կը հռչակուի. իսկ անոր սրբադասումը կը կատարէ Լեւոն ԺԳ. Սրբազան Պապը՝ 24 Մայիս 1900-ին:
Սրբուհի Ռիթային ծիսական տօնը կը նշուի ամէն տարի 22 Մայիսին:
Սրբուհի Ռիթային միջնորդութեամբ բազմաթիւ հրաշքներ տեղի ունեցած են, քրիստոնեայ եւ իսլամ հաւատացեալներու:
Ըստ վկայութեանց՝ Աստուած Ս. Ռիթայի միջոցաւ առողջութիւն պարգեւած է նոյնիսկ մահամերձ հիւանդներու, որոնք հաւատքով իրեն դիմած են, ինչպէս նաեւ ամուլ կիներուն զաւակ տուած է[2]:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Քաշայի սրբատեղին
-
Սրբուհի Ռիթային վանքը
-
Սրբուհիին գերեզմանը
-
Սրբուհին
-
Սրբուհիին արձանը՝ Փարիզ
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ս. Ռիթա
- ↑ «Ս. Ռիթային պատմութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-11-21-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-27