Jump to content

Սրտանօթային Խոց

Սրտանօթային Խոց, Սիրտը մկանային հիւսկէնէ (tissue) կազմուած է։ Ան շարունակ եւ ինքնաբերաբար կը գործէ, կը կծկուի եւ կը թուլնայ՝ առանց դադարի, որպէսզի մատակարարէ մարմնի բոլոր օրկանները եւ հիւսկէնները թթուածինով հարուստ արիւն-սնունդով։

Այս աշխատանքը կախեալ է սրտի մկաններու առողջ վիճակէն եւ բնական գործելակերպէն, որ երաշխաւորուած է սրտի մկաններուն հասնող, բաւականաչափ քանակութեամբ եւ թթուածինով հարուստ արիւն-սնունդով։ Իսկ այս մատակարարումը տեղի կ'ունենայ սրտի հինգ եւ կամ հինգէ աւելի պսակաձեւ զարկերակներով (coronary arteries), որոնք ունենալու են բաւարար առաձգականութիւն (elasticity) եւ որոշ չափ, որպէսզի արիւնը ազատօրէն շրջագայի եւ հասնի սրտի մկաններու բոլոր բջիջներուն։ Այլ խօսքով, պսակաձեւ զարկերակները ըլլալու են առողջ եւ արեան շրջագայութիւնը ըլլալու է ազատ եւ դիւրին։ Որեւէ պատճառ եւ կամ խոչընդոտ, որ արգելք կը հանդիսանայ արեան ազատ շրջագայութեան, կը յառաջացնէ սրտի մկաններու աշխատանքի դանդաղում եւ կծկումներու (contraction) տկարացում։

Այս խոչընդոտներուն եւ պատճառներուն կարեւորագոյններն են՝

  • Զարկերակներու (arteries) անակնկալ եւ հիւանդագին կծկումները։
  • Զարկերակներու կարծրացումը, պնդերակութիւնը (arteriosclerosis)։
  • Զարկերակներու պատերուն վրայ կուտակուած այտուցները (atheroma)։

Վերոնշեալ երեք կացութիւններուն նպաստող ազդակներն են՝

  1. Ժառանգականութիւն, տարիք եւ սեռ։
  2. Շաքարախտ, արեան գերճնշում (hypertension)։
  3. Քոլեսթերոլի (cholesterol), թրիկլիսերիտի (triglyceride) եւ «ՑԽՃ»ի «Ցած Խտութեամբ Ճարպաբնասպիտի» (LDL) բարձրացում։
  4. «ԲԽՃ»ի «Բարձր Խտութխամբ Ճարպաբնասպիտ», (HDL) նուազում։
  5. Արեան թանձրացում (polycythemia)։
  6. Ծխախոտի գործածութիւն եւ ալքոլի չափազանց գործածութիւն։
  7. Գիրութիւն, ճարպակալում։
  8. Հակաառողջապահական կենցաղ՝ անշարժութիւն եւ նստակեաց կեանք։
  9. Գերյոգնութիւն եւ գերճնշուածութիւն, որոնք նաեւ կը բարձրացնեն արեան ճնշումը։
  10. Վատ սննդառութիւն՝ իւղերով եւ շաքարով հարուստ։
  11. Հոգեբանական ճնշուածութիւն։

Բացի թիւ մէկի ազդակներէն՝ մնացեալ բոլոր ազդակները հակակշռելի են։

Վերոնշեալ բոլոր ախտապատճառները ընդհանրապէս կը գործեն դանդաղօրէն, եւ տարիներ ետք կը յայտնուին անոնց գործած վնասներուն հետեւանքները՝ սրտի կարողականութեան եւ աշխատանքին վրայ։ Սակայն անոնք կրնան յառաջացնել սուր եւ անակնկալ սրտազարկերակային (cardio-arterial) խցումներ եւ ահազանգային հիւանդագին երեւոյթներ, նոյնիսկ՝ անակնկալ մահ։

Մեր սննդանիւթերուն պարունակած ճարպը մեծամասնութեամբ կազմուած է թրիկլիսերիտէ, իսկ մնացեալը՝ քոլեսթերոլէ, կենսանիւթերէ (vitamine) եւ այլ քիմիական նիւթերէ, որոնք բոլորը կ'ենթարկուին որոշ նիւթափոխարկումներու՝ ստամոքսին եւ բարակ աղիքներուն մէջ, եւ ապա կը ներմուծուին աղիքներու մակերեսէն եւ կը հասնին արեան շրջանառութեան (circulation)։ Ճարպաբնասպիտները (lipoprotein), որոնք կ'արտադրուին լեարդին կողմէ, կը փոխադրեն այս ճարպային նիւթերը դէպի մարմնի բջիջներուն եւ կամ բջիջներէն դէպի լեարդ։

Այս ճարպաբնասպիտներէն ամէնէն կարեւորներն են՝

  • «ՑԽՃ»ը (LDL)
  • «ԲԽՃ»ը (HDL)

Արեան մէջ գտնուող բնականէն շատ աւելի քանակութեամբ ««ՑԽՃ»» քոլեսթերոլը կը հաստատուի զարկերակներու ներքին պատերուն վրայ եւ կը վերածուի ճարպային կոյտերու, արիւնագունդերու (clots), որոնք պատճառ կը դառնան զարկերակներու մասնակի եւ կամ ամբողջական խցումին եւ արեան ազատ շրջագայութեան։ «ՑԽՃ» քոլեսթերոլը յաճախ կը կոչուի վատ եւ կամ վտանգաւոր քոլեսթերոլ։

Արեան քոլեսթերոլին երկու երրորդը կը փոխադրուի «ՑԽՃ»ի միջոցով, իսկ մէկ երրորդը՝ «ԲԽՃ»ի միջոցով։ «ԲԽՃ»ի պարտականութիւնն է՝ զարկերակներու պատերէն եւ մարմնի զանազան հիւսկէններէն վերցնել կուտակուած աւելորդ քոլեսթերոլը եւ փոխադրել զանոնք լեարդ, ուր տեղի կ'ունենայ անոր զտումը. հետեւաբար «ԲԽՃ»ը արգելք կը հանդիսանայ զարկերակներու խցումին եւ արեան շրջագայութեան դանդաղեցումին. ան յաճախ կը կոչուի լաւ քոլեսթերոլ։

««ՑԽՃ»»ի բարձրացումը աւելի ահազանգային է, քան՝ ընդհանուր քոլեսթերոլի բարձրացումը. այս մէկը աւելի նախազգուշացնող նշան մըն է զարկերակային խցումներուն եւ անկէ բխած բարդութիւններուն։

««ԲԽՃ»»ի բարձրացումը կը նուազեցնէ զարկերակային խցումը։ Զարկերակախցումէ (arterial obstruction) պաշտպանուելու համար «ԲԽՃ»ի բարձրացումը տեղի կ'ունենայ մարմնամարզանքով, նիհարնալով եւ չծխելով։ Իգական ներազդակները (hormone) եւ ալքոլի չափաւոր գործածութիւնը կը նպաստեն ««ԲԽՃ»»ի բարձրացումին։

Թրիկլիսերիտը քոլեսթերոլի նման մեծ դերակատարութիւն ունի պնդերակութեան եւ զարկերակներու խցումին հետ։ Անոր քանակական բարձրացումը ընդհանրապէս միատեղ կը պատահի քոլեսթերոլի եւ «ՑԽՃ»ի բարձրացումին ու «ԲԽՃ»ի նուազումին հետ։

  • Բժիշկին Բ․ Խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, էջ 205-210։