Jump to content

Սրբուհի Շուշան

Սրբուհի Շուշան, Վարդենի (409-475) Վարդան Մամիկոնեանին դուստրը եւ Ս. Սահակ Հայրապետին ծոռը։ Ան կը դաստիարակուի Ս. Սահակին եւ մեծ մօր՝ Սահականուշին շունչին տակ: Հօր կեանքն ու նահատակութիւնը կը ներշնչեն զինք՝ նուիրեալ ու հաւատացեալ քրիստոնեայ մը դառնալու։ Աւազանի անունը Վարդենի էր, բայց կը կոչուի Շուշան՝ իր արտակարգ բարեպաշտութեան շնորհիւ։

Կ'ամուսնանայ Վրաստանի թագաւորին որդիներէն մէկուն՝ Վազգէնին հետ եւ կ'ունենայ երեք որդի ու դուստր մը:

Վարդանանց պատերազմէն ետք Յազկերտ արքային եւ անոր յաջորդներուն հալածանքները կը շարունակուին Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ` այս անգամ ի գործ դնելով աւելի խարդախ եւ նենգ միջոցներ: Հայաստանի մէջ հաւատուրացութիւնը ամէն տեղ կը քաջալերուի նիւթական բարիքներու շռայլումով եւ պետական պաշտօններու բաշխումով: Այս քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք, իրենց քրիստոնէական կրօնին վրայ հաւատարիմ մնացող հայ նախարարներուն տոհմիկ իշխանութիւններն ու հայրենի կալուածները կը բռնագրաւուին եւ կը տրուին անարժան մարդոց ու կրօնափոխ դարձած դաւաճաններուն[1]:

Շուշանիկին տանջանքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բազմաթիւ հարազատներուն  նահատակութիւնն ու բարձրաստիճան հոգեւորականութեան եւ հայ նախարարներուն գերեվարութիւնը մեծապէս ազդած էին Շուշանիկին վրայ, սակայն այնքան ատեն, որ բազմաթիւ եկեղեցիներ կառուցած եւ քրիստոնէական բարի համբաւի տէր Աշուշա բդեշխը կենդանի էր (իր աները), Շուշանիկ կը շարունակէ ապրիլ խաղաղ կեանքով` իր չորս զաւակներուն եւ ամուսնոյն հետ, Ցուրտաւի մէջ: Աշուշայի մահէն ետք, երբ Վազգէն կը ժառանգէ հօր իշխանութիւնը, Վրաստանի մէջ կացութիւնը ամբողջութեամբ կը փոխուի: Շուշանիկին փառատենչ ամուսինը Պերոզ արքային թագաւորութեան 8-րդ տարին (466-ին) կ'երթայ Տիզբոն, ուր արքային ներկայութեան ուրանալով քրիստոնէական կրօնը` պաշտօնապէս կ'ընդունի զրադաշտականութիւնը: Անոր այս հաւատուրացութեան իբրեւ վարձատրութիւն` Պերոզ ոչ միայն իր աղջիկը կնութեան կու տայ անոր, այլեւ ընդարձակելով Գուգարքի բդեշխ Վազգէնին իշխանութեան սահմանները` անոր կը շնորհէ աղուանից երկիրին փոխարքայութիւնը, ինչպէս նաեւ գերիշխանութիւն` արեւելեան Վրաստանի թագաւորին վրայ, որուն մայրաքաղաքը` Մծխեթան, մօտիկ էր Ցուրտաւի մէջ գտնուող Վազգէնին բերդին: Ահա հոսկէ կը սկսին Ս. Շուշանիկին չարչարանքները:

Ըստ Յակոբ Երէցի վկայութեան, երբ Շուշանիկ կ'իմանայ, որ իր ամուսինը ճշմարիտ Աստուածը ուրացած` մոգերու ընկերակցութեամբ կը վերադառնար Ցուրտաւ, իրեն հետ առնելով իր երեք տղաներն ու մէկ աղջիկը` եկեղեցի կ'երթայ աղօթելու: Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք չուզելով վերադառնալ պալատ, ապաստան կը գտնէ եկեղեցւոյ կողքին գտնուող փոքրիկ տնակի մը մէջ, ուր խոր սուգի կը մատնուի իր ամուսնոյն  հաւատուրացութեան համար: Վազգէն Ցուրտաւ վերադարձին, երբ կ'իմանայ եղելութիւնը, կը հրամայէ բանտարկել Ս. Շուշանիկը նոյն տնակին մէջ եւ մինչեւ իսկ զրկել զայն բաւարար սնունդէ: Այնուհետեւ, ան կը փորձէ, որ Շուշան հրաժարի իր քրիստոնէական հաւատքէն, բայց ան կը մերժէ հրաժարիլ այն հաւատքէն, որուն համար իր հայրը քաջաբար կռուած ու զոհուած էր[2]: Ան նոյնիսկ կը զրկէ ամուսինը երեխաները տեսնելու հնարաւորութենէն: Ս. Շուշանը դժուարութեամբ կը համոզեն պալատ վերադառնալ: Պալատ վերադառնալէ ետք, ան որեւէ կապ չ'ուզեր ունենալ իր ամուսինին հետ: Ապարդիւն կ'անցնին զինք հաւատուրացութեան մղելու բոլոր միջոցները: Վազգէն կը սկսի ծեծել ու չարչարել զինք, ապա կը հրամայէ, որ բանտ նետեն զինք եւ միայն գարեհաց ու ջուր տան իրեն: Ան կ'արգիլէ նաեւ բոլորին մուտքը իր քով՝ վէրքերը դարմանելու համար: Բայց ապարանքին եկեղեցւոյ Յակոբ երէցը, չվախնալով բռնաւորէն, կը յաջողի ներս մտնել ու տեսնելով իր հոգեւոր դստեր խեղճ ու թշուառ վիճակը, կը սկսի մանկան մը նման հեկեկալ: Մինչդեռ Քրիստոսի քաջասիրտ դուստրը ինք կը սկսի մխիթարել անոր՝ ասելով. «Մի՛ լար իմ վրաս, քանզի առանց նեղութիւններու ու չարչարանքներու ո՛չ ոք կրնայ արդարներու օթեւանը մտնել ու Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգել»[3]:

Շուշանիկ արիաբար կը տանի բոլոր չարչարանքները, մինչ անհաւատ ամուսինը աւելի կը կատղի տեսնելով Շուշանին համբերութիւնը: Բանտին մէջ Շուշանիկ իրեն հետ ունէր Քրիստոսի իսկական խաչափայտէն մասունք մը, որ ժամանակ մը իր մօտ պահելէ ետք Տարօնէն իրեն այցելութեան եկած Սահակ-Մեսրոպեան աշակերտներէն Անդրէաս վարդապետին միջոցով կ'ուղարկէ Հայաստան, իսկ իրմէ անբաժան կը մնայ Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսէն ստացած փոքրիկ աւետարան մը, որուն ամէնօրեայ ընթերցումով կը գտնէր իր հոգեկան մխիթարութիւնն ու զօրութիւնը:

Տարիներ կ'անցնին: Տագրոջը՝ Ջոջիկ իշխանին խնդրանքով, Վազգէն թոյլ կու տայ Շուշանին միայն վիզին շղթան հանել, որպէսզի կարենար գլուխը կաշիէ բարձի վրայ դնել ու քիչ մը հանգստանալ: Սուրբ Հոգիին զօրութիւնն ու ներկայութիւնը այնքան կը մխիթարէր ու կը զօրացնէր Աստուծոյ համար շղթայուած այդ վկան, որ ան իրեն համար բերուած գարեհացն ու ջուրն ալ շատ կը համարէր եւ երբեմն շաբաթով ծոմ կը պահէր, միայն Շաբաթ ու Կիրակի օրերուն պատառ մը հաց կը ծամէր Ս. Հաղորդութենէն ետք:

Հաւատացեալ քրիստոնեաներ անոր այցի կու գային եւ կը խնդրէին, որ իրենց ուխտին համար աղօթէ, բարեխօսէ Աստուածամօր ու Երկնաւոր Հօր մօտ. հիւանդները կու գային իր մօտ բժշկութեան խնդրանքով, եւ այս ձեւով ան արդէն իսկ իր կենդանութեան կը վայելէր հրաշագործ սուրբի համբաւ` վառ պահելով հաւատացեալներու սիրտին մէջ քրիստոնէութեան յոյսի եւ լոյսի կանթեղը` հալածանքներու եւ դառն փորձութեանց ժամանակ: Իսկ հաւատուրաց իր ամուսինը տեսնելով Շուշանիկին ծով համբերութիւնն ու անընկճելի կամքը, յաճախ կ'անարգէր ու կը ծեծէր զայն, անուանելով «Աշխարհաւեր Վարդանին Դուստրը»:

Օր մը Վազգէն այնքան կը կատղի, որ լախտով կը յարձակի Շուշանիկին վրայ եւ հարուածելով` մահացուօրէն կը վիրաւորէ զայն: Այն ատեն Շուշանիկին մեծ տագրը՝ Ջոջիկ, վրայ հասնելով կ'ազատէ զայն եղբօր ձեռքէն եւ կիսամահ վիճակի մէջ, կը տանի ու կը պահէ ապահով տեղ մը: Սակայն իր ստացած վերջին վէրքերէն ծանրօրէն հիւանդացած, իր բանտարկութեան եւ կրած չարչարանքներուն եօթներորդ տարին, 45 տարեկան հասակին [4], ան կ'աւանդէ իր հոգին 472 թուականին` արժանանալով նահատակութեան լուսապսակին:

Անոր մահուան սնարին մօտ ներկայ կը գտնուին Ջոջիկ իշխանը, Սամուէլ եպիսկոպոսապետը, Յովհան եպիսկոպոսը, իր խոստովանահայրը եւ այլ քահանաներ, որոնք ըստ Շուշանիկին փափաքին, մեծ շուքով կը տանին ու կը թաղեն զինք` իբրեւ իրենց թագուհին, Ցուրտաւի այն եկեղեցւոյ մէջ, ուր ան ապաստանած էր առաջին անգամ:

Շուշանիկին նուիրուած տօնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Յակոբ Երէցին կողմէ տրուած տեղեկութեան, Շուշանիկին մահուան թուականն էր 17 հոկտեմբեր 472, թէեւ հայկական աղբիւրները կու տան «Քաղոց ամսոյն 17-ին» բացատրութիւնը, որ կը համապատասխանէ 25 դեկտեմբեր 470-ին:

Շուշանիկին գերեզմանը շուտով կը դառնայ ուխտատեղի հայ եւ վրաց հաւատացեալներուն համար. իսկ հետագային ան կը դասուի սուրբերու  շարքին եւ անոր համար Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ կը նշանակուի յիշատակութեան եւ տօնախմբութեան յատուկ օր:

Ս. Շուշանիկը տանջամահ ընող Վազգէնը իր արժանի պատիժը կը ստանայ 482-ին: Արեւելեան Վրաստանի Վախթանգ թագաւորը, որ մինչ այդ պարսից արքային ենթակայ քաղաքականութիւն կը վարէր, կ'ըմբոստանայ պարսկական գերիշխանութեան դէմ, առաջին հերթին իր հեղինակութիւնը հաստատելու համար ամբողջ Վրաստանին մէջ` ան կը յարձակի  Գուգարքի հաւատուրաց Վազգէն իշխանին վրայ եւ կը սպաննէ զայն:

  • Ղուկաս վրդ. Ինճիճեան, Վարք Սրբոց, Վենետիկ, 1832

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]