Jump to content

Սրբուհի Եանգեան

Սրբուհի Եանգեան, Յեղափոխական գործիչ եւ հայուհի մը որ կը նուիրէ իր կեանքը ժողովուրդին ծառայելու։

Սրբուհի Եանգեան 1890-ական թուականներուն կը տպաւորուի իր ուսուցիչ՝ Ժիրայր Պոյաճեանի յեղափոխաշունչ հայրենասիրութենէն եւ շատ կանուխէն կ՚ուխտէ լծուիլ յեղափոխական եւ հասարակական գործունէութեան։

Իր առաջին գործերէն կ՚ըլլայ Ռուբէնի խումբին կազմութեան աշխատանքներուն մասնակցութիւնը։ Ան կը կազմէ վստահելի ազգայիններու հանգանակիչ յանձնախումբ մը, որուն մղիչ ուժը կ՚ըլլայ եւ յեղափոխական նպատակներու համար դրամահաւաք կը կատարէ։ Տարեցները Սրբուհին՝ Օրիորդ կը կոչեն, իսկ երիտասարդները՝ Հօրքոյր։ Իբրեւ իր շրջանի Դաշնակցութեան կեդրոնական դէմք ու պատասխանատու գործիչ, ան Աստղիկ անունով կապ կը պահէ Ռուբէնի հետ։

1988-ին, Կովկասէն սուրհանդակ մը Ռուբէնէն նամակ մը կը բերէ, Կարնոյ գծով Երզնկա երթալու եւ Օրդ. Սրբուհիին յանձնելու։ Այդ նամակով, որպէս թէ զինեալ խումբ մը սահմանը պիտի անցնի Տերսիմ երթալու, հետեւաբար միջոց եւ դիւրութիւն կը խնդրուի։ Սուրհանդակը սահմանը անցած պահուն Կարնոյ մէջ կը ձերբակալուի եւ նամակը երեւան կ՚ելլէ։ Կառավարութիւնը այդ նամակը կը յանձնէ հայախօս, փորձառու եւ հայերէն գրել-կարդալ գիտցող, Կովկասի շրջապատին ծանօթ Էրզրումցի ոստիկանապետի մը, որ նամակը իր հասցէին տանի։ Ոստիկանը կու գայ Երզնկա եւ նամակը կը յանձնէ Օրդ. Եանգեանին, որպէս Կովկասէն եկող սուրհանդակը։ Օրիորդը նամակը կը քննէ, Ռուբէնի գիրը եւ կեղծ ստորագրութիւնը։ Ոստիկանը քանի մը օր կը մնայ իր տունը։ Սակայն բան մը չտեսնելով կը հեռանայ տունէն եւ քանի մը տարիվ կառավարութիւնը կը դադրեցնէ իր հետապնդումները։

Սակայն թշնամին միշտ պատրուակ մը կը փնտռէ Սրբուհին եւ շրջանի յեղափոխական երիտասարդները բանտարկելու եւ չարչարանքի տակ խոստովանութիւններ կորզելու համար։ Վերջապէս քիւրտի մը սպանութեան պատճառով, հայ լրտեսներու ցուցմունքին համաձայն, տասնեակ մը հայ յեղափոխականներ կը մեղադրուին ու կը ձերբակալուին։ Կը ձերբակալուի նաեւ Սրբուհի Եանգեանը, որպէս յեղափոխականներուն պետը։ Սրբուհի բանտին մէջ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ իրենց վերագրուած ոճիրին համար, որպէսզի ընկերները փրկէ։ Ի վերջոյ երիտասարդները ազատ կ՚արձակուին, իսկ ինք ցմահ բանտարկութեան կը դատապարտուի։ Եօթուկէս տարիէն, սահմանադրութեան առթիւ, բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն նման, Սրբուհին ալ ազատ կ՚արձակուի։ Այնուհետեւ, հայուհիին տունը ուխտատեղի կը դառնայ, ուր քաղաքէն ու գիւղերէն կ՚երթան «Խանըմ Էֆէնտիին» մօտ սէր ու յարգանք յայտնելու։

Տարիներուն բանտարկութեան հետեւանքով, Սրբուհի տկարացած էր, սակայն կուսակցական եւ ազգային աշխատանքները անվարան շարունակեց։ Առաջին գործը եղաւ տիկնանց խնամակալ մարմին մը կազմել՝ Աղջկանց Բարձրագոյն Վարժարանին օգնելու համար։ Ան կազմեց նաեւ նուիրեալ հայուհիներու խումբեր խնամատարական աշխատանքներ կատարելու՝ հիւանդներու, աղքատներու, եւ ամէն տեսակի կարօտեալներու օգնութեան հասնելու համար։ Սրբուհի Եանգեան անփոխարինելի դեր կատարած է Երզնկայի եւ շրջապատին հայ կիներու ազգային-հասարակական նուիրում ներշնչելու տեսակէտէ։

1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան, բռնի տեղահանութեան ատեն, Սրբուհին ալ տարագիրներու բազմութեան հետ անորոշ ուղղութեամբ կը քշուի։ Ակն քաղաքի մօտերը, երբ եղբօր աղջիկը կը մեռնի, ինք իր ձեռքով կը թաղէ։ Քանի մը օր ետք, սպառած ու հիւանդկախ կ՚իյնայ ճամբու երկայնքին եւ հոն ալ կը մնայ։ Ամբողջ կեանք մը իր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրած յեղափոխական հայուհիին գերեզմանը կը մնայ անյայտ։

  • Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման մէջ, Սոնա Զէյթեան