Jump to content

Ստեփան Փափազեան

Ստեփան Փափազեան
Ծնած է 14 Յունուար 1840(1840-01-14) կամ 1839
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1888
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Ներսէսեան վարժարան
Մասնագիտութիւն Խմբագիր, հանրային գործիչ, ուսուցիչ
Աշխատավայր Ազգ. Երեսփոխան, Ուսումնական Խորհուրդի անդամ

Ստեփան Փափազեան (Նոյեմբեր 1839, Կ. Պոլիս - 1888), հայ ուսուցիչ, տնօրէն, Պոլսոյ ազգային ժողովի երեսփոխան, ուսումնական խորհուրդի անդամ։

Ծնած է 1839-ին Ստանպուլի Խասգիւղ թաղամասը։ 1840-ին Ներսէսեան վարժարանը, 1850-ին Ազգ.Հիւանդանոցի որբանոցը դրուած է։ Ապա կարճ ժամանակ մը հետեւած՝ Երկրագործական վարժարանի դասերուն, 1854-ին Զմիւռնիա կանչուած է իր մօրեղբօր՝ Անդրէաս վարժապետ Փափազեանի քով։ Իր ուսումը աւարտելով օգնական դասատու կարգուած է վարժարանին մէջ։

1858-ին՝ Պոլիս վերադարձին, Ս.Փրկչի որբանոցի հայերէնի ուսուցչութեան կը կոչուի եւ այդ պաշտօնը կւ պահէ մինչեւ վերջ։ Իր հայ լեզուի հմտութեան եւ ատենախօսութեան կարողոթիւններուն պատճառով «Պերճ» կը մականուանուի։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսուցչական ասպարէզին կը ծառայէ մինչեւ իր մահը, զանազան վարժարաններու մէջ, ստանձնելով դասախօսութիւններ. սակայն նշանակելի է իր գործունէութիւնը իբր տնօրէն Ղալաթիոյ Լուսաւորչեան վարժարանին (20 Մարտ 1851), ուր կը հասցնէ բազմաթիւ աշակերտներ, որոնք շատ կարեւոր դեր կը կատարեն ազգային շրջանանակի մէջ։ Ինքն է նաեւ գլխաւոր հեղինակը եւ ջանադիրը Ազգ, կենդրոնական վարժարանին հաստատութեան, որուն գաղափարը առաջին անդամ ինք յղացած է՝ 1863-էն սկսեալ՝ գաւառներէն Պոլիս դիմող ուսանողներու երկրորդական կրթութիւն տալու դիւրութիւն մը ընծայելու համար։

Երկար ժամանակ ազգային երեսփոխան եղած է եւ ընդդիմախօսութեան պետը՝ Ընդհանուր ժողովերու մէջ. գործնականօրէն ուսունմասիրած էր ազգային խնդիրները, գոց գիտէր Ազգ.Սահմանադրութիւնն ու ամէն ազգային կանոնագիրները։

1863Յունուար 2-ին սկսած է հրատարակել «Ժամանակ» հանդէսը, որ հրատարակուած է մինչեւ 1869 (տես թիւ 175)[1]։

քնար երաժշտական ընկերութեան՝ քնար Հայկականի մէջ հրատարակուելիք բանաստեղծութեանց ընտրութեանը հսկող մարմնոյն անդամ անուանուած է։

1853-ին Ուսումնական Խորհրդոյ անդամ, 1855-ին Ղալաթիոյ թաղական Խորհրդոյ անդամ կ՛ընտրուի, զոր երկար տարիներ կը վարէ։ Իր պաշտօնավարութեան միջոցին Ս.Լուսաւորիչ եկեղեցին կ՛օժտուի հասութաբեր կալուածներով։

Ստեփան Փափազեան 1863-ին կրթական ծրագրի մը հեղինակը եղած է՝ առաջին անգամ՝ Ազգային վարժարաններու մէջ միօրինակ կրթութիւն մը հաստատելու դիտումով (1855-1867

1873-1874-1876 վարչական շրջաններուն ալ Ուսումնական Խորհրդոյ անդամակցութիւնը կը վարէ։

1870-ին՝ հազիւ իր օրինական տարիքը լրացուցած, երեսփոխական կ՛ընտրուի մինչեւ իր մահը պահելով այդ պաշտօնը. հանդիսացած է ճարտար ատենաբան եւ իր կուսակցութեան (Ղալաթիոյ օճախին) ամէնէն նշանակելի անդամներէն մէկը. կրակոտ ընդդիմախօս մը եղած է եւ վարչութեան մշտնջենական հակառակորդը։

  • Յիշատակարան, Վ.Գ. Զարդարեան, Բ. հատոր, Կ. Պոլիս 1911, էջ 197:
  1. «Վիեննայի մենաստանին մամուլին շտեմարանը- ԺԱՄԱՆԱԿ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-26