Ստեպղին
Արտաքին տեսք
Ստեպղինը գետնախնձորի կողքին, ստեպղինը ամէնէն տարածուած եւ օգտագործուած բանջարեղէնն է աշխարհի բոլոր խոհանոցներուն մէջ:
Անոր հայրենիքը կեդրոնական Ասիան է, բայց ներկայիս զայն կը մշակեն գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ[1]:
Ստեպղինին սննդական արժէքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ստեպղինը հարուստ է Ա. կենսանիւթով, կը պարունակէ նաեւ Պէ.6, Սէ. կենսանիւթեր, ֆոլաթթու, երկաթ, մանկանեզ, փոթասիոմ եւ պղինձ:
- Ստեպղինը ունի բազմաթիւ բուժիչ յատկութիւններ. ան կը պահպանէ աչքերուն առողջութիւնն ու տեսողութիւնը, Ա. կենսանիւթով հարուստ այս բանջարեղէնը կ'ուշացնէ քաթարաքթի եւ կլոքոմայի յառաջացումը[2]:
- կը պայքարի որոշ տեսակի քաղցկեղներու դէմ,
- կը զօրացնէ մարմինին դիմադրողականութիւնը,
- կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլի տոկոսը,
- կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէ,
- անոր յաճախակի օգտագործումը կը նուազեցնէ թոքերու, կաթնագեղձի եւ հաստ աղիքի քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը:
- Ստեպղինը կը պարունակէ հզօր հակաօքսիտան՝ պեթա քարոթենը, որ կը կանխարգիլէ բջիջներու ծերացումը:
- Ա. կենսանիւթը կը կանխարգիլէ ժամանակէն առաջ յայտնուող կնճիռները, մաշկի չորութիւնը եւ խամրած գոյնը:
- Ստեպղինը կը պահպանէ եւ կը բարելաւէ տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:
- Ստեպղինի յաճախակի օգտագործումը կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլի տոկոսը եւ կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն:
- Ստեպղինին պարունակած կենսանիւթերը, հակաօքսիտաններն ու բնաթելերը եւ քիչ ջերմուժ պարունակելու անոր առաւելութիւնները զայն կը դարձնեն յարմար ուտելիք մը` բոլոր անոնց համար, որոնք նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւին: