Jump to content

Սուփըրմէն

Սուփըրմէն (անգլերէն՝ Superman, թարգմանաբար՝ գերմարդ):

Սուփըրմէնի կերպարը կը համարուի ամերիկեան մշակոյթի կարեւոր հերոսներէն մէկը[1]։

Անիկա ստեղծուած է ամերիկացի գրող Ճերի Սիկըլի (անգլերէն՝ Jerry Siegel) եւ Քանատացի նկարիչ Ճօ Շուսթըրի (անգլերէն՝ Joe Shuster) կողմէ՝ 1932-ին, որմէ ետք վաճառուած է «Տի Սի Քոմիքս» (DC Comics) ընկերութեան։

Յունիս 1938-ին, «Սուփըրմէն» առաջին անգամ կը յայտնուի մամուլի էջերուն մէջ, որմէ ետք անիկա հիմք կը հանդիսանայ շարք մը ժապաւէններու, պատկերասփիւռի ծրագիրներու եւ կատակերգութիւններու։

Կերպարին ունեցած յաջողութիւններուն շնորհիւ, կը ստեղծուի գերմարդկային հերոսի սեռը։

Ըստ բնօրինակին, Սուփըրմէն ծնած է Քրիփթոն մոլորակին վրայ եւ ունեցած է Քալ-Էլ անունը։ Երբ Քրիփթոն քանդուելու եզրին կը գտնուի, անոր հայրը՝ գիտնական Ժոր-Էլ նորածին որդին կը դնէ հրթիռի մը մէջ եւ զինք կ'ուղարկէ Երկիր մոլորակ։

Երկիր հասնելէ ետք, հրթիռը կը հասնի Սմոլվիլ կոչուող փոքրիկ գիւղը, ուր զինք կը գտնեն Ճոնաթանն ու Մարթա Քենթը եւ զինք կ'անուանեն Քլարք Քենթ։

Փոքրիկը կը մեծնայ բարոյական արժէքներով: Ան շուտով կը սկսի ցոյց տալ իր գերմարդկային ունակութիւնները, զորս կ'օգտագործէ ի շահ մարդոց։

Սուփըրմէն կ'ապրի «Մեթրոփոլիս» (Metropolis) անունով յօրինուած քաղաքի մը մէջ, ուր կ'աշխատակցի «Տէյլի Փլենեթ» (Daily Planet) թերթին։ Հոն իր մտերիմ գործընկերուհին է լրագրող Լոիս Լէյնը, որուն սիրահարելով, հետագային անոր հետ կ'ամուսնանայ։

Կարողութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուփըրմէն մանկութենէն օժտուած է շարք մը ունակութիւններով, ինչպէս՝ գերմարդկային բանականութիւն, արագութիւն, տոկունութիւն, թռիչք, ուժեղ տեսողութիւն, լսողութիւն եւ այլն։

Արտաքին տեսք եւ հագուստ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուփըրմէն մկանոտ կազմուածքով եւ սեւ մազերով ներկայանալի երիտասարդ մըն է։ Ան աշխատանքի վայրին մէջ սովորաբար կը կրէ սեւ գօտի մը, փողկապ եւ ակնոց, սակայն իբրեւ Սուփըրմէն կը կրէ կապոյտ, կարմիր եւ դեղին գոյներէ զգեստ մը, որուն կրծքավանդակին գրուած է «S» տառը։

Թէեւ տարազը տարիներու ընթացքին քանի մը փոփոխութիւններու ենթարկուած է, սակայն հիմնական կառուցուածքը մնացած է նոյնը։

  • 1948 - «Սուփըրմէն»
  • 1951 - 1958 - «Սուփըրմէնի Արկածները»
  • 1978 - «Սուփըրմէն»
  • 1980 - «Սուփըրմէն 2»
  • 1983 - «Սուփըրմէն 3»
  • 1987 - «Սուփըրմէն 4», «Պայքար Յանուն Խաղաղութեան»
  • 1988 - 1992 - «Սուփըրպոյ»
  • 1993 - 1997 - «Լոիս եւ Քլարք», «Սուփըրմէնի Նոր Արկածները»
  • 2001 - 2011 - «Սմոլուիլ»
  • 2006 - «Սուփըրմէնի Վերադարձը»
  • 2013 - «Պողպատէ Մարդը»
  • 2017- «Արդարութեան Դաշնութիւն»
  • 2021- «Զաք ՍնայտըրիԱրդարութեան Դաշնութիւնը»
  • 2025- «Սուփըրմէն»

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Սուփըրմէն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-08-28-ին։ արտագրուած է՝ 2025-02-08 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]