Սուրէն Ասատրեան

Սուրէն Ասատրեան
Ծնած է 1916
Ծննդավայր Գառնի, Երևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1991

Սուրէն Ասատրեան, ծնած է Հայաստանի Գառնի գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Զաւակն էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ մարտիկներէն խմբապետ Խնկոյի: Ասատրեան ընտանիքը կ'ենթարկուի դժուար պայմաններու։

Սուրէն ուսումը կը շարունակէ Մարաղայի ազգային դպրոցին մէջ. ապա կ'աւարտէ Թաւրիզի թեմական կեդրոնական միջնակարգ դպրոցը։ Այնուհետեւ կը սորվի քիմագիտութիւն եւ իր կաերւոր մասնակցութիւնը կը բերէ Իրանի արդիւնաբերական աշխատանքներուն։

Սկսած է գրել 1932-ին։ Իր առաջին գրութիւնը լոյս տեսած է Թեհրանի «Արմենուհի» ամսագրին մէջ։ Աշխատակցած է «Ալիք» օրաթերթին, պատմուածքներով։ Գործածած է «Ասուր» ծածկանունը։

Հրատարակած են իր պատմուածքներու երկու հատորնհերը. «Մօրս Արցունքները» (1984) եւ «Ապրող Կակաչներ» (1985. արժանացած է Անթիլիասի Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակին): Երրորդ հատորը մամուլի տակ է։

Իր պատմուածքներուն կարեւոր մէկ մասը լոյս տեսած է «Մայր Հայրենիք»ի եւ ուրիշ սփիւռքի թերթերուն մէջ:

Սուրէն Ասատրեան ցոյց տուած է նաեւ ազգային բեղուն գործունէութիւն մը, որպէս նախագահ Իրանահայ Գրողներու Միութեան եւ «Ներսէս Շնորհալի» գրական ֆոնտի դատական կազմին։ 1985-ին Թեհրանին մեջ մէծ շուքով տօնուած է իր գրական գործունէութեան իր 40 ամեակը։

Իր մահէն երկու ամիս առաջ կրցաւ իրականացնել իր ամենամէծ երազը, այցելելով ծննդավայրը՝ Գառնին։

1992 Նոյեմբերին Գառնիի մէջ, յետ հոգահանգստեան պաշտոնին, բացումը կատարուեցաւ Սուրէնի յուշարցանին, իր հօր խմբապետ Խնկոյի յուշարձանին կողքին, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան, պետական մարդոց, մտաւորականներու եւ գրողներու։

Սուրէն Ասատրեան իր պատմուածքներուն հերոսները կ'ընտրէ իր հարազատներէն եւ շրջապատի մարդոցմէն։ Առ հասարակ անոնք չքաւորութեան մէջ հասակ նետած պարզ եւ բարեմիտ մարդիկ են, որոնք իրենց վեհանձն կեցուածքով մեր համակրանքը կը գրաւեն։ Կարելի չէ Ասատրեանի գործերը կարդալ եւ չյուզուիլ։ Հեղինակը իր նիւթերը կը քաղէ անմիջական շրջանակէն, եւ զանոնք կը համադրէ իր ընդոծին հիւմըրով եւ պարզ ու հաղորդական ոճով, խորապէս տպաւորելով ընթերցողը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]