Jump to content

Սուրբ Տավինօ

Սուրբ Տավինօ
Ծնած է անհայտ[1]
Մահացած է 3 Յունիս 1050[1]
Մահուան վայր Լուկա, Թոսքանա, Իտալիա[1]
Մասնագիտութիւն pilgrim

Սուրբ Տավինօ, խստակրօն ճգնաւոր եւ հրաշագործ:

Տավինօ անունը կ'ենթադրուի, որ Դաւիթ, Զաւէն կամ Դուին բառերու հնչիւնափոխութեան արդիւնք է:

Ծնած է Հայաստան, մահացած է Լուքքայի մէջ, 3 Յունիս 1050-ին:

Ըստ հռոմէական վկայաբանութեան, Տավինօն՝ վաճառելով իր երկրային բարիքները, կը դառնայ «Քրիստոսի ուխտաւոր»։ Լքելով ծննդավայր Հայաստանը, ան նախ կ'այցելէ Երուսաղէմ, ապա՝ Հռոմ, առաքեալներու տաճարները: Ան մտադրած էր իր ճամբորդութիւնը շարունակել դէպի Սանթիակօ Տի Քոմփոսթելլա՝ Յովսէփի գերեզմանը։

Ուղեւորութեան ընթացքին, 1050-ին, գլխուն վրայի վէրքերուն պատճառով կանգ կ'առնէ Լուքքայի մէջ: Սուրբ Միքելէ (San Michele in Foro) հիւանդանոցին մէջ բուժուելէ ետք, զինք կը հիւրընկալէ Աթա անունով բարեպաշտ կին մը: Կարճ ժամանակ ետք, նոյն տարուան 3 Յունիսին կը մահանայ:

Ան մինչեւ կեանքին վերջը կը տանջուէր անգարի ցաւերէ:

Ողորմութեան Սուրբին հրաշագործութիւնները

Սուրբին մահուան վայրը՝ Քալտերիա փողոցը՝ Սուրբ Միքելէ եկեղեցիէն ոչ շատ հեռու, ինչպէս նաեւ անոր գերեզմանը, ուր աճած էր բուժիչ հրաշագործ որթատունկ մը, շատ արագ կը դառնան ուխտատեղիներ: Կը պատմեն նաեւ, որ գիշերները խորհրդաւոր կերպով խունկ կը վառի։

Վայելելով խստակրօն ճգնաւորի եւ հրաշագործի համբաւը, Տավինօն մշտապէս օգնած է աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն:

Անոր անձին շուրջ աճող հրաշքները առիթ ընծայած են, որ Լուքքայի Եպիսկոպոս Անսելմոն՝ հետագային Ալեսանտրօ Բ. Քահանայապետը, անոր մարմինը տեղափոխէ Սուրբ Միքելէ Եկեղեցի։

1159-ին Տավինօն սուրբ հռչակուած է Ալեսանտրօ Գ. Պապին կողմէ:

Ողորմութեան Սուրբին համբաւը գրաւած է բազմաթիւ ուխտաւորներ, յատկապէս տասնվեցերորդ եւ տասնեօթներորդ դարերու ընթացքին: Ուխտաւորներէն շատերը հայեր էին[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]