Jump to content

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի (Սվերտլով)

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի (Սվերտլով)
Սուրբ Գէորգ եկեղեցի (Սվերտլով)

Հիմնական տեղեկութիւններ
Տեղագրութիւն Հայաստան
Թեմ ՀԱԵ
Տարածաշրջան Լոռու մարզ
Ներկայ վիճակ կանգուն
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Ճարտարապ. ոճ Հայկական
Կառուցման սկիզբ 6-րդ դար
Առանձնայատկութիւններ

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի (Սվերտլով)[1], կանգուն հայկական եկեղեցի է Հայաստանի Լոռիի մարզի Սվերտլով գիւղին մէջ։ 19-րդ դարուն եւ 2010 թուականին եկեղեցին վերանորոգուեր է։ Լոռիի վաղմիջնադարեան թաղածածկ միանաւ եկեղեցիներէն մէկը՝ Սվերտլով (մինչեւ 1940 թ.՝ Հայտարպէկ) գիւղի Ս. Գէորգն է, տեղադրուած անոր հիւսիս-արեւելեան բարձրադիր մասի միջնադարեան գերեզմանոցի տարածքին մէջ։ Անիկա արեւելք-արեւմուտք առանցքի նկատմամբ համաչափ յօրինուածքով, շեշտուած երկարութեամբ աչքի կ'իյնայ (ընդհանուր երկարութիւն՝ 21,6 մ): Կը բարձրանայ աստիճանաձեւ որմնախարիսխի վրայ (արեւմտեան ճակատին ունի 3 աստիճան, հարաւայինին՝ 2, միւսները ծածկուած են հողի շերտով): Աղօթասրահը (16,35×5,80 մ) արեւելեան կողմին մէջ կ'աւարտի պայտաձեւ լայն խորանով: Ծածկուած է կիսագլանաձեւ թաղով, որ ամրացուած է T-աձեւ կտրուածքի որմնամոյթերէն կան որմնաթուղթերէն բարձրացող չորս թաղակիր կամարով: Որմնամոյթերը իրարու հետ կապուած են նաեւ որմնակամարներով: Աւագ խորանին երկու կողմերը կից են աղօթասրահի հետ յօրինուածքային, օրգանական կամ գործարանական կապի մէջ գտնուող, ուղղանկիւն յատակագիծով, կիսագլանաձեւ թաղով ծածկուած աւանդատուներ՝ մինչեւ յատակը իջնող կիսաշրջան խորաններով: Աղօթասրահի հետ կը կապուին դէպի աւագ բեմ տանող աստիճաններու հանդէպ բացուող ուղղանկիւն մուտքերը:

Եկեղեցին ներկայիս գրեթէ ամբողջական տեսքով է, որ 19-րդ դարու վերանորոգման արդիւնք է: Նախնական են արեւմտեան եւ հարաւային պատերը իրենց կէս բարձրութեամբ, իրականացուած խոշոր սրբատաշ պազալտէ քարերով (արեւմտեան մուտքի բարաւորի քարը ունի 3 մեթրէն աւելի երկարութիւն): Միւս ճակատները, նաեւ աւանդատուները ամբողջութեամբ վերակառուցուած են, օգտագործելով մանր, կոպտատաշ քարեր (նախնական են միայն անկիւնաքարերը): Վերափոխուած են պատուհանները, նորոգուած են (cornices) քիւերը, կղմինտրէ ծածկը: Նախապէս մուտքերը եղեր են չորս՝ երկուքը հարաւային, մէկական՝ արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերը: Ներկայիս հարաւային ճակատի արեւելեան կողմինը եւ հիւսիսային ճակատինը փակուած են: 19-րդ դարավերջը կ'աւելցուի հարաւային մուտքի առջեւ, եկեղեցւոյ կից գտնուող զանգակատունը՝ ութսիւնանի բոլորաձեւ (rotunda) շէնքով:

Հիւսիսային աւանդատան հարաւ-արեւմտեան անկիւնը կ'երեւի երբեմնի բաց խորանի հարաւային եզրը՝ գմբէթարդի սիւնով, որմէ, ինչպէս նաեւ արեւմտեան պատի պահունակի առկայութենէն եւ աղօթասրահի մուտքերու շատութենէն կ'երեւի, որ եկեղեցին իր նախնական վիճակին մէջ շրջապատուած եղեր է (հաւանաբար երեք կողմէն) արտաքին սրահով (ինչպէս այդ տիպի յուշարձաններէն շատերը): Ատով պէտք է բացատրել շեշտուած տարածուող ու վեր բարձրացող համաչափութիւնները:

Յարդարանքէն քիչ բան մնացեր է: Աղօթասրահը ներքուստ ծեփուած է: Որմնամոյթերը ունին պարզ տրամատով խոյակներ եւ խարիսխներ: Հիւսիսային աւանդատան պատուհանէն վերեւ պահպանուած է շրջանագիծի մէջ առնուած հաւասարաթեւ խաչ: Աւագ խորանի պատուհանը ունի եռաստիճան տրամատի հորիզոնական եզրերով կիսաշրջանագծային պսակ: Մուտքերը յարդարուած եղեր են շքամուտքի ձեւով. արեւմտեանէն եւ հիւսիսայինէն պահպանուած են միայն հետքերը, հարաւայինի խոյակաւոր զոյգ կիսասիւները՝ վրան հանգչող որմնակամարով:

Նոյն գերեզմանոցի տարածքին մէջ, Ս. Գէորգէն քիչ մը անդին դէպի հիւսիս կը գտնուի համեմատաբար փոքրաչափ միանաւ եկեղեցի՝ կառուցուած կիսամշակ դեղնաւուն (felsite) ժայռով: Կիսաշրջան խորանի երկու կողմերը կան գրեթէ մինչեւ գետին իջնող մեծ բարձրութեան շերտեր: Ուղղանկիւն բացուածքով մուտքը Ս. Գէորգին նայող՝ հարաւային կողմէն է: Ունի վերասլաց համաչափութիւններ, մեծ թեքուածութեամբ երկլանջ կտուր: Կանգուն է ողջ բարձրութեամբ, կիսագլանաձեւ թաղը խարխուլ վիճակի մէջ է: Յօրինուածքային առանձնայատկութիւններէն հաւանական է, որ կառուցուեր է 13-րդ դարուն եւ հետեւած է քաղկեդոնական դաւանանքին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Գ. Շախկեան, ԼՈՌԻ պատմութեան քարակերտ էջերը, էջ 21-22:
  2. Ի. Ղարիպեան, Լոռի քաղաքի պեղումները, «ԲԵՀ», 1969, №1, էջ 265-268:
  3. Деведжян С. Г., Лори-Берд, 1, Е., 1981.