Jump to content

Սուտանի Բուրգերը

Սուտանի Բուրգերը կը գտնուին Սուտանի հիւսիսը:

Հնագէտները տարբեր չափի, տարբեր ձեւերով 2000 տարուան 35 բուրգեր գտած են:

Այս բացառիկ շինութիւնները կը կազմեն շրջանին հին ժամանակներէն ամէնէն մեծ գերեզմաններու շրջանը:

500 մեթր քառակուսի փոքր տարածքի մը վրայ կայ 13 բուրգ: Ամէնէն մեծ բուրգերուն հիմը 7 մեթր է, իսկ ամէնէն փոքրերունը` 78 սմ: Այս փոքրերը շինուած էին հաւանաբար երեխաներուն համար:

Քուշի թագաւորութիւնը այդ շրջանին վրայ իշխած է Ք.Ա. երրորդ հազարամեակէն մինչեւ Ք.Ե. 4-րդ դար: Բազմաթիւ սովորութիւններ նոյնանման էին եգիպտացիներուն սովորութիւններուն, ինչ որ կը վերաբերի, օրինակի համար, կրօնին եւ բուրգերուն:

Սուտանի հիւսիսային շրջանը, ուր այդքան բուրգեր կը գտնուին, հին ժամանակներուն կը կոչուէր Նուպի[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]