Jump to content

Սուլուխ

Բնակավայր
Սուլուխ
Երկիր  Թուրքիա
Վիլայէթ Բաղէշի նահանգ
Գաւառ Մշոյ գաւառ
Ազգային կազմ Հայեր (մինչեւ Մեծ Եղեռնը)
Կրօնական կազմ Քրիստոնեայ (մինչեւ Մեծ Եղեռն)

Սուլուխ, գիւղ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, Բաղէշ Նահանգի Մշոյ գաւառին մէջ։

Բնակչութեան մասին տուեալներ չեն պահպանուած։ Անոնք բռնութեամբ տեղահանուած են 1915-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին։ Սուլուխցիներուն մեծ մասը զոհուած է աքսորի ճամբուն վրայ։

Սուլուխի կամուրջին վերակառուցուած հատուածը
Գէորգ Չաւուշին նահատակուած վայրը

27 Մայիս 1907-ին Գէորգ Չաւուշ եւ Ռուբէն իրենց զինուորներով, գաղտնի գործով կը հաւաքուին Սուլուխ[1]: Երկու ժամ անց, թուրքերը կը շրջափակեն Սուլուխ գիւղը եւ անհաւասար կռիւ մը կը սկսի թուրքերու եւ հայ ֆետայիներու միջեւ։ Ֆետայիները կը գլխաւորէր Գէորգ Չաւուշը[2]:

ֆետայիները Սուլուխ գիւղին մէջ կը մղեն հերոսական կռիւներ՝ ընդդէմ թրքական բանակին եւ քրտական հրոսակներուն։ Գէորգ հայկական ֆետայական խմբաւորումներուն հետ կը պաշտպանէ հայկական գիւղերը եւ քաջաբար կը դիմադրէ թրքական բանակներու ներխուժումներուն: Կռիւի ընթացքին կը նահատակուին Գէորգ Չաւուշը[3], Սպաղանաց Գալէն, Հագէն (Եակօն) կռուող գիւղացիներէն 18 հոգի, իսկ ժողովուրդէն 23 հոգի: Այդ կռիւին մասնակցող 17 ֆետայիներէն 3-ը կը սպաննուի, 11-ը՝ կը վիրաւորուի, 4 հոգի անվնաս կը մնայ, որոնցմէ էր քիւրտ Հասանօն, որ ֆետայիի նման կռուած էր: Հայերը կը հեռանան Սուլուխէն։ Թշնամին կու տայ 150 զոհ եւ 250 վիրաւոր, իսկ Քէօսա Պինպաշին, կը քաշուի եւ ամօթալի փախուստի կը դիմէ[4]:

Գալէի եւ Հագէի դիակները կ'իջեցնեն Մուրատ գետին մէջ։ Իսկ Գէորգը կը ձգեն Արածանիի ափին գտնուող կամուրջին մօտ, ինչպէս նաեւ երկու սուլուխցիներու պարտականութիւն կը տրուի հսկել դիակին։ Յաջորդ օրը՝ 28 Մայիսին, Գէորգը մահամերձ վիճակի մէջ կը գտնէ քիւրտ ցեղապետ Զայնալ պէյը։ Գէորգ ջուր կը խնդրէ եւ ջուրը խմելէ ետք կը մահանայ բէկին ձեռքերուն մէջ։[5]

Սուլուխի կռիւին անմիջական մասնակից Ռուբէն զինակիցներուն կ'ըսէ.

Եթէ մեռնիք, կամուրջին վրայ պիտի նահատակուիք եւ ձեր դիրքը բնաւ պիտի չլքէք:

Իսկ Ռուբէն իբրեւ վկայութիւն կը գրէ.

Սուլուխի կռիւը պատահեցաւ 27 Մայիս 1907-ին եւ տեւեց մինչեւ 28 Մայիսի առաւօտեան: Խորհրդաւոր է այդ օրը: Անկէ ուղիղ 11 տարի ետք պիտի ծնէր Գէորգներու արեան շնորհիւ Հայաստանի անկախութիւնը:

Գիւղը աւերուած է, իսկ բնակիչները կոտորուած կամ բռնութեամբ տեղահանուած են 1915-1916 թուականներուն[6]։

Գէորգի Կեանքին Վերջին Վայրկեանները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կռիւի աւարտին, մութը իյնալէ ետք, երբ ընկերները կը յաջողին զինք անվնաս դուրս բերել գիւղէն եւ կը յուսադրեն, որ պիտի լաւանայ, ան Ռուբէնին կ'ըսէ. «Լմնցած է, դիակի մը համար խումբը մի՛ վտանգէք, անցէ՛ք, գնացէ՛ք, Վարդգէսը եւ Եղսօն քեզի ամանաթ»: Այդ պահուն Գէորգ ունէր իրաւունքը եւ կարելիութիւնը, իբրեւ հայդուկապետ, կարգադրութիւններ կատարելու, որ զինք ապահով տեղ փոխադրեն ու միջոցներ ձեռք առնեն իր վէրքը բուժելու: Սակայն մահամերձ Գէորգ իր վէրքին առթած ցաւերուն մէջ իսկ կը գիտակցէր խումբին ծանր վիճակին: Փամփուշտը գրեթէ սպառած էր: Փոքր անզգուշութիւն մը` եւ կրնային կոտորուիլ բոլորը (ֆետայիները եւ Սուլուխ գիւղի ողջ բնակչութիւնը): Ան յանձն կ'առնէ մեռնիլ եւ փրկել խումբն ու ժողովուրդը: Երբ մահը իրականութիւն դարձած է անոր համար, ան կը շարունակէ երթալ դէպի զայն անվախօրէն ու ամենայն սառնասրտութեամբ կ'ըսէ. «Անցէք` գնացէք…»: Անոր մէջ դարձեալ ռազմագէտ եւ անձնուրաց Գէորգն էր, որ կը խօսէր ու գերմարդկային հոգեվիճակ մըն էր, որ կ'ապրէր ան այդ վայրկեաններուն:

Ի. դարու սկիզբները ունէր 160 տուն՝ 1000 հայ բնակիչով։

Սուլուխ նշանաւոր էր իր բարձրորակ հացահատիկներով։

Պատմամշակութային կառոյցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուլուխի մէջ կը գտնուի գիւղին նշանաւոր կամուրջը, որ կը պահպանուի մինչեւ օրս։ Գիւղին մօտակայքը կար Ս. Գէորգ անունով մատուռ մը[7]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Թուրքերը կը շրջափակեն Սուլուխ գիւղը
  2. Գէորգ Չաւուշի նահատակութիւնը
  3. Գէորգ Չաւուշ կը նահատակուի
  4. ԿՈՉ ՔԱՋՈՒԹԵԱՆ
  5. Ս. Կ. Պօղոսեան, Կ. Ս. Պօղոսեան «Ինձ բահ տուէք...», էջ 426-431
  6. Սուլուխի կռիւը
  7. «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», հտ 4, էջ 705

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։