Սննդառական Լրացուցիչներ
Բազմաթիւ բնական արտադրութիւններ, որոնք կը պարունակեն բնասպիտ (protein), կենսանիւթ (vitamin), մետաղներ, բոյսեր, խոտեր, կամ այլ սննդանիւթեր եւ որոնք կը գործածուին որպէս ամբողջացուցիչ որոշ ճաշերու մէջ՝ կը կոչուին «սննդառական լրացուցիչներ» (dietary supplements):
Սննդառական լրացուցիչները շատ յաճախ կը վաճառուին նոյնիսկ առանց բժիշկին կողմէ գրուած յատուկ դեղագիրի:
Ընտրել
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սննդառական լրացուցիչները կը վաճառուին յատուկ տուփերու եւ կամ սրուակներու մէջ զետեղուած: Ճիշդը ընտրելու համար, օրէնքի համաձայն այս տուփերուն եւ սրուակներուն վրայ պէտք է գրուած ըլլան հետեւեալները.
- «Սննդառական լրացուցիչ» գրոթիւնը
- Պարունակութեան մանրամասնութիւնները կամ բաղադրութիւնը
- Պարունակութեան աղբիւրը՝ ուր արտադրուած ըլլալը
- Պարունակութեան քանակը եւ ծանրութիւնը
- Արտադրոթեան թուականը
Լրացուցիչներու Տեսակներ եւ Գործածութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սեւ արիւծախոտ (black cohosh)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս մէկը կ՛օգնէ դաշտանդադարի ցաւերուն եւ յօդացաւի, սակայն կրնայ գլխացաւ, գլխապտոյտ եւ զարկերակի ճնշումի նուազում յառաջացնել: Սեւ արիւծախոտը հակառակ ազդեցութիւն կ՛ունենայ ալքոլի եւ հանդարտեցուցիչ դեղերու հետ:
Երիցուկ-հաւածաղիկ (Camomile)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երիցուկ-հաւածաղիկի ծաղիկները կը գործածուին որպէս հանդարտեցուցիչ, օգտակար է նաեւ բորբոքումներու, բարձր ջերմութեան, անմարսողութեան եւ ստամոքսի խոցերու եւ պրկումներու պարագային:
Chondroitin
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս մէկը կ'արտադրուի շնաձուկի եւ կովու աճառային հիւսկէններէն, ինչպէս նաեւ կրնայ արուեստականօրէն արտադրուիլ: Այս նիւթը կ՛օգնէ յօդացաւի եւ յօդերու ազատ շարժումներուն:
Chromium
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս մէկը մետաղ մըն է, որ կը գտնուի ստեղպինի, գետնախնձորի, ցորենի եւ բրքուկի-կանաչ ծաղկակաղամբի (brocolli) մէջ: Այս մէկը պատճառ կը դառնայ մկաններու աճման եւ կշիռքի կորուստի, ինչպէս նաեւ կը նուազեցնէ արեան ճարպերը, մաղձաճարպը (cholesterol) եւ triglyceride-ը: «Chromium»-ը կրնայ վատ ազդեցութիւն ունենալ երփնամարմիններուն (chromosomes) վրայ:
Ձկան Իւղ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձկան իւղը կը գործածուի սրտանօթային (cardiovascular) հիւանդութիւններու եւ զարկերակային (arterial) խցումներու պարագային: Այս մէկը կը նուազեցնէ արեան triglyceride-ի քանակը եւ զարկերակային ճնշումը, սակայն կրնայ յառաջացնել նողկանք, փսխունք եւ փորհարութիւն:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Բժիշկին Դ. Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 25 Ապրիլ 2014, էջ 61-65: