Սնեփչեթ
«Սնեփչեթ»ը (անգլերէն՝ Snapchat) 2011-ին ի յայտ եկած է եւ տարածուած՝ դեռահասներու շրջանակին մէջ: Անոնք կը գնահատէին այդ յաւելուածին խորհրդապահութիւնը: Ատոր մէջ գրութիւնները կ'անհետանան կարդալէ անմիջապէս ետք, իսկ արձանագրութիւնները` հրապարակելէ օր մը ետք: Այն նաեւ թոյլ կու տայ օգտագործողներուն նկարներ պահել գաղտնաբառով պաշտպանուած տեղամասի մը մէջ, որ կը կոչուի «Միայն Իմ Աչքերուս Համար» (“My Eyes Only”)։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ ան ներառած է ծայրէ-ծայր կոդաւորման (end-to-end encryption) սահմանափակ գործածութիւն մը, ապագային իր գործածութիւնը ընդարձակելու մտադրութեամբ։
«Սնեփչեթը» (Snapchat) ստեղծուած է Էւըն Սփիքըլի, Փոպի Մըրֆիի եւ Ռէճի Պրաունի կողմէ, որոնք Սթանֆորտի Համալսարանի նախկին ուսանողներ էին։ Ան յայտնի է սոցիալական մեդիայի համար շարժական (mobile-first) ուղղութիւն ներկայացնելով, եւ կարեւոր շեշտ դնելով օգտագործողներուն՝ վիրթուալ կպչուկներով (virtual stickers) եւ ընդլայնուած իրականութեան (augmented reality) առարկաներով փոխազդեցութեան վրայ։ 2023 թուականին «Սնեփչեթը» ունէր աւելի քան 300 միլիոն ամսական գործունէութիւն ունեցող օգտագործողներ։ Միջին հաշուով, 2020 թուականին ամէն օր չորս միլիարդէ աւելի «Սնափ» (Snaps) կը ղրկուէր։ «Սնեփչեթը» յայտնի է աւելի երիտասարդ սերունդներուն մէջ, ընդ որում օգտագործողներուն մեծամասնութիւնը 18-էն 24 տարեկան է։ «Սնեփչեթը» սոցիալական ցանցային ծառայութիւններու հետ կապուած գաղտնիութեան մտահոգութիւններու առարկայ է[1]։
Ասիկա վերջին համազարկն է Դիմատետրին («Ֆէյսպուք»ին), որ 2012-ին «Ինսթակրամ»ը գնած է 1 միլիառ տոլարով եւ «Սնեփչեթ»ի միջեւ պատերազմին, որ կը մերժէ Դիմատետրին առաջարկը` միայն երեք տարի առաջ 3 միլիառ տոլարով գնելու մասին:
«Սնեփչեթ»ը հանրաճանաչ է երիտասարդներու շրջանակին մէջ: Անոնք չեն ուզեր, որ իրենց գրութիւնները կարդան ծնողները, որոնք ալ իրենց կարգին կը նախընտրեն «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցը, որ 1,7 միլիառ օգտագործող ունի[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (անգլերեն) Snapchat, 2025-11-05, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Snapchat&oldid=1320511746, վերցված է 2025-11-20
- ↑ «Սնեփչեթ»