Jump to content

Սմբատ եպիսկոպոս Սաատեթեան

Սմբատ եպիսկոպոս Սաատեթեան
Ծնած է 1871թ.
Մահուան վայր Երզնկայ
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն մատենագիր, գիտնական
Աշխատավայր Շապին Գարահիսարի թեմի առաջնորդ, հոգեւորական գործիչ, մատենագիր, գիտնական

Սմբատ եպիսկոպոս Սաատեթեանը (ծն՝. 1871թ. Իզմիթի նահանգի Ատապազար քաղաք- նահատակուած 1915թ. Յունիսի վերջը) հոգեւորական գործիչ, նշանաւոր մատենագիր եւ գիտնական: Շապին Գարահիսարի թեմի առաջնորդ:

Աւազանի անունով Գրիգոր Սաատեթեան, 1889 թուականի Սեպտեմբերին կը մտնէ Արմաշի դպրեվանք եւ եօթ տարի ետք Օրմանեան Սրբազանին կողմէ կը ձեռնադրուի վարդապետ, իսկ 1910-ին Մատթէոս Բ. կաթողիկոսը զինք կը ձեռնադրէ եպիսկոպոս: 1897-էն մինչեւ 1907 թուական ան Շապին Գարահիսարի թեմի առաջնորդն էր, այնուհետեւ կ'ընտրուի էրզրումի հոգեւոր առաջնորդ եւ մինչ եղերական մահը կը կատարէ իր սրբազան պարտականութիւնները:

Գրական եւ հրատարակչական ուսումնասիրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր արգասաբեր գրիչի արդիւնքն է «Ներսես Լամբրոնացի» ընդարձակ ուսումնասիրութիւնը, որ հրատարակուեր է 1903-ին:

Ան հանդէս եկեր է հայոց եկեղեցիներու եւ պատմական յուշարձաններու վերաբերեալ յօդուածներով: Մեզի հասեր է Սմբատ եպիսկոպոսի «Արծափու եկեղեցին» համառօտ ակնարկը, գրուած՝ 1913 թուականի Փետրուար 12-ին, Արմաշի դպրեվանքի քսանհինգամեայ յոբելեանին առթիւ:

1915-ի Մայիսին տեղահանութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ կոտորածներու գոյժը հասաւ էրգրում, տեղի ազգային գործիչները Սմբատ եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ քայլեր ձեռնարկեցին Կարնոյ բնակչութիւնը արհաւիրքէն փրկելու ուղղութեամբ:

1915-ի Մայիսին տեղահանութեան հրամանը հասաւ նաեւ էրզրում՝ Կարին: Քաղաքի կուսակալ՝ Թահսին պէյը Սմբատ եպիսկոպոսին հինգ օր ժամանակ կու տայ հօտը քաղաքէն դուրս բերելու համար: Երբ հրամանը փոխելու խնդրանքով թրքական եւ օտարերկրեայ պաշտօնեաներու դռները բախելը այլեւս ապարդիւն էր, Սմբատ եպիսկոպոսը կը խնդրէ՝ գոնէ տարագրութեան ժամկէտը երկարաձգել: Այս խնդրանքը չի մերժուիր եւ կը տրուի երկու շաբաթ պայմանաժամ: Տարագրութեան ճանապարհին իր հօտը առաջնորդելու անոր բոլոր աղերսները կը մերժուին:

Նահատակութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սմբատ եպիսկոպոս Սաատեթեանը կը տարագրուի 1915թ. Յունիսի վերջը, տարագրեալներու վերջին կարաւանին հետ, Բասէնէն Կարին աքսորուած Կորիւն վարդապետ Սրապեանի, իր խոհարարին եւ Առաջնորդարանի վաղեմի բարապան (դատավճիռները գործադրող արդարութեան պաշտօնեայ) Կարապետի ընկերակցութեամբ: Տեղահանուածներու այս կարաւանի վերջին կայանը Երզնկան էր, ուր իր առաջնորդած հօտին հետ դժնդակ մահը կ'ընդունի նաեւ տարաբախտ հոգեւորականը:

Թէ ինչպիսի սարսափելի կոտտանքներու ենթարկուեր է ազգանուէր այս հայորդին, կը նկարագրէ Թէոդիկը իր «Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան» (Նիւ Եորք, 1985) աշխատութեան մէջ (էջ 159-160)՝ անդրադառնալով եղեռնը վերապրած Արտաշէս Լեփեանի վկայութեան.- «ժանտարմաներ իրենց լաթէ տնակէն դուրս կը հանեն զիրենք եւ «մեռելներու քաղաքէն» ներս մտցնելով՝ կ'առաջարկեն Սրբազանին, որ փոսը իր ձեռքովը փորէ: Անխօս, անտրտունջ, համակերպութեան եթերային շնորհովն առլցուն, ահատր պեղումը կատարելէ ետք, Սմբատ եպիսկոպոս անոր եզրը ծնրադիր կ՚աղօթէ. յետոյ պզտիկ քար մը առնելով, կը խաչակնքէ եւ փոս կը ձգէ: Դահիճները կը խոյանան վրան, կը մերկացնեն, նախ մէկ թեւը կը կտրեն, վերջն ալ մէկ ոտքը, պռկունքը (պռունկ այսինքն շրթունք) կը դանկըտեն, աչքերը կը փորեն, վառ լուցքի մը կը բռնեն մօրուքին, վերջին գնդակ մըն ալ կուրծքին... եւ վար կը գլորեն Քրիստոսի սիրովը վառուած եւ հաւատքովը զօրացած Արմաշականին չարակոչկոճ մարմինը»:

Ըստ Թեոդիկի նշուած աշխատութեան (էջ 174)՝ Կորիւն վարդապետը աղէտի օրերուն կալանակապ նախ Կարին տեղափոխուեր է, ապա տեղի առաջնորդ Սմբատ եպիսկոպոս Սաատեթեանի հետ նահատակուեր է Երզնկայի գերեզմանատան մէջ:

Սմբատ եպիսկոպոս Սաատեթեան Archived 2020-03-24 at the Wayback Machine.