Սթիւ Նեշ

Սթիւ Նեշ
Ծնած է 7 Փետրուար 1974
Ծննդավայր Եոհաննէսպուրկ, Հարաւային Ափրիկէ
Քաղաքացիութիւն  Քանատա
 Միացեալ Թագաւորութիւն
Ազգութիւն Գանատացի
Ուսումնավայր St. Michaels University School?
Սանտա Կլարայի համալսարան?
Սանտա Կլարայի համալսարան?[1]
Mount Douglas Secondary School?
Մասնագիտութիւն մասնագէտ պասքէդպոլիստ

Սթէֆըն Ճոն «Սթիւ» Նեշ (անգլերէն՝ Stephen John "Steve" Nash, ծնած` 7 Փետրուար, 1974, Եոհաննէսպուրկ), Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ ծնած, ազգութեամբ գանատացի նախքին պասքէդպոլիստ[2], խաղարկող։ Մասնագիտական ասպարէզի ընթացքին հանդէս եկած է Պասքէթպոլի Ազգային հաւաքականը (NBA) «Տալաս Մավըրիքս», «Ֆէոնիքս Սանզ» և «Լոս Անճելըս Քլիփըրզ», ակումբներէն։

Ուսման Տարիներուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ունենալով տպաւորիչ պասքէդպոլային ասպարէզ կանուխ դպրոցին մէջ՝ Նեշը կը շահի կրթաթոշակային ծրագիր Սանդա Գլարա համալսարանի մէջ։ Համալսարանի պասքէդպոլային խումբին մէջ անցնելով 4 տարի՝ Նեշը թիմակիցներուն ամէն տարի դուրս կը բերէր NCAA-ի առաջին բաժանման առաջնութիւն։

Համալսարանը աւարտելէ ետք, Նեշը կը գլխավորէր իր պատմութեան մեջ բոլոր ժամանակներու ամէնաշատ արդիւնաւետ նետումներ կատարած պասքէդպոլիստներու ցուցակը։ Այնուհետեւ Նեշը կը մտնէ 1996 թուականի NBA տրէֆթ, ուր կ'ընտրուի 15-րդը՝ «Ֆէոնիքս Սանզի» կողմէ։ Խաղին վրայ նուազագոյն ազդեցութիւն ունենալու համար 1998 թուականին Նեշը կը փոխանակուի եւ կը տեղափոխւուի Տալաս Մավըրիքս, ուր անցնցնելով երրորդ տարուան մէջ կը ճանչցուի իբր աստղ (NBA All Star) եւ կը մասնակցի բոլոր աստղերու ամենամեայ խաղին, իսկ խաղաշրջանի վերջաւորութեան կ'արժանանայ իր առաջին All-NBA ճանաչողական տիտղոսին։ Յաջորդ 2002-03 խաղաշրջանին Նեշը՝ Տըրք Նովիցքիի եւ Մայքըլ Ֆինլիի հետ Տալասին կը հասցնէ մինչեւ [[Արեւմտեան խորհրդաժողովի փլէյ-օֆի եզրափակիչ։ Սակայն խաղաշրջանէն յետոյ Նեշի պայմանագիրը կը լրանայ, եւ ան կը կնքէ նոր պայմանագիր մը նախքին ակումբ՝ Ֆէոնիքս Սանզի հետ։

Մասնագիտական Ասպարէզը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2004-05 խաղաշրջանին Նեշը «Սանզ»ին կը հասցնէ արեւմտեան խորհրդաժողովի եզրափակիչ, ինչպէս նաեւ նոյն տարին կ'արժանանայ կանոնաւոր առաջնութեան ամէնաարժէքաւոր խաղացողի (MVP) մրցանակին։ Յաջորդ տարի Նեշը կրկին MVP կը ճանչցուի։ 2006-ին ESPN-ը Նեշին կ'որակաւորէ որպէս «բոլոր ժամանակներու 9-րդ մեծագոյն խաղարկող»։ NBA-ի իր ասպարէզի տարբեր ժամանակաշրջանի մէջ Նեշը կը գլխաւորէ արդիւնաւետ փոխանցումներ կատարողներու աղիւսակը, ինչպէս նաեւ կը զբաղի առաջին հորիզոնականներ՝ տուգանային նետումներու արդիւնաւետութեան տոկոսայնութեան ցուցանիշով։ Կը համարուի նաեւ լիկայի լաւագոյն նշանառուներէն մէկը (3-կէտ նետումներ կատարող)։

Բարեգործական Աշխատանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անոր կատարած բազմաթիւ բարեգործական ներդրումներու համար կը ստանայ շարք մը պարգեւներ եւ շքանշաններ։ 2006 թուականին «Թայմ» ամսագիրը կ'որակաւորէ անոր որպէս աշխարհի 100 ամենազդեցիկ դեմքերէն մէկը։ 2007 թուականին Նեշին կը շնորհուի «Գանատայի օրդեն» պետական բարձրագոյն շքանշանը։ 2008 թուականին Վիքթորիայի համալսարանի կողմէն Նեշին կը շնորհուի իրաւագիտութեան տոքդորի կոչում։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]