Jump to content

Սթիվըն Իունիվըրս

Սթիվըն Իունիվըրս (Steven Universe)
Սթիվըն Իունիվըրս
Բեմադրիչ

Էլա Միքալքայ Նիք ՏէՄայո

Իյըն Ճոնզ-Քուարդի
Երաժշտութիւն

Այւի Դրան

Սթիվըն Վէլէմայ
Արտադրող
ընկերութիւններ
Տեւողութիւն
22 վայրկեան
Երկիր ԱՄՆ
Լեզու անկգլերէն

Սթիվըն Իունիվըրս (անգլերէն՝ Steven Universe «Սթիվընի տիեզերքը») Ամերիկեան շարժապատկեր մըն է, ստեղծուած Րէպէքայ Շուկըրի (անգլերէն՝ Rebecca Sugar) կողմէ եւ որ կը ցուցադրուի Քարդուն Նէթուըրքի (անգլերէն՝ Cartoon Network) վրայ։ Շարժապատկերին պատմութիւնը կը կեդրոնանայ Սթիվըն անունով մանչի մը վրայ, որ կ’ապրի եւ կը մեծնայ երեք կախարդական էակներու հետ, Քրիսդալ Ճէմզ-երը (անգլերէն՝ The Crystal Gems), Կարնէթ (անգլերէն՝ Garnet), Ամէթիսթ (անգլերէն՝ Amethyst), Բըրլ (անգլերէն՝ Pearl) եւ որոնց հետ աշխարհը կը պաշտպանէ իրենց ցեղի վտանգներէն։ Սթիվըն Իունիվըրսը միակ շարժապատկերն է որ ստեղծուած է աղջկայ մը կողմէ եւ որու գաղափարը մէջտեղ բերած է Րէփեքան, երբ ուրիշ շարժապատկերի մը վրայ՝ Ատվէնչըր Թայմ ([[անգլերէն՝ Adventure Time]]) կ'աշխատէր։ Ցուցադրուելու կը սկսի Նոյեմբեր 4, 2013-ին։

Սթիվըն Իունիվըրս ստացած է քննադատական ցնծութիւն իր արուեստի պատկերին, երաժշտութեան, ձայնեղութեան, յատկանշման խորութեան եւ ստեղծաբանութեան գիտութեան կառուցման համար։ Հաղորդաշարը թեկնածու նշանակուած է Էմի Աուորտի (անգլերէն՝ Emmy Award) նաեւ Աննի Աուորտի (անգլերէն՝ Annie Award)։ Յուլիս 2015-ին հաստատուեցաւ, որ հաղորդաշարը պիտի նորոգուի երրորդ անգամ ըլլալով։ Քոմիքսներ, գիրքեր եւ վիտէօ խաղեր ստեղծուեցան հաղորդաշարէն ներշնչուած։

Շարժապատկերը տեղի կ'ունենայ Պիչ Սիդի-ին (անգլերէն՝ Beach City) Տէլմարվա Բէնինուլաին մէջ, Ամերիկայի արեւելքը եւ ուր անմահ կախարդական մարտիկները, Քրիսդալ Ճեմզերը, ծովափին վրայ գտնուող հին տաճարի մը մէջ կ'ապրին։ Անոնց մարմինները իգական, մարդանման ձեւ ունին եւ որոնք կը ստեղծուին իրենց գոհարներէն, որոնք իրենց կեանքի միջուկներն են։ Քրիսդալ Ճեմերը բաղկացած են, Կարնէթ, Ամէթիսթ, Բըրլ, եւ Սթիվընէ, որ կես մարդ, կես «Ճէմ» մանչ մըն է, եւ որու գոհարը ժառանգած է մօրմէն, Ճէմերուն նախկին առաջնորդը, Րոզ Քուորձ (անգլերէն՝ Rose QuartzՍթիվըն կը փորձէ գիտնալ ինչպէս իր կախարդական ուժերը գործածել, միեւնոյն ատեն, ան իր օրերը կ'անցընէ իր մարդ հօր, Կրեկին, մտերիմին՝ Գոնիին (անգլերէն՝ Connie), Պիչ Սիթիի բնակիչներուն կամ Ճէմերուն հետ։

Հաղորդաշարը կը յայտնէ թէ չորս Ճէմերը մնացորդներ են նախկին քաղաքակրթութենէ մը։ Իրենց այցելած վայրերուն մեծամասնութիւնը աւերակներ էն, որոնք ատենօք կարեւոր էին իրենց մշակոյթին մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին քանդուած են։ Ճէմերը անջատուած են իրենց երկիրէն եւ յայտնի կը դառնայ թէ հրեշները, որոնց դէմ կը կռուին, ժամանակին իրենց նման էակներ էին, սակայն կորսնցուցած են իրենց բնաւորութիւնն ու միտքը։ Պատմութեան ընթացքին, կը յայտնուի թէ «Րոզ Քուորձ», «Սթիվընին» մայրը, Ճէմերուն երկրին դէմ ապստամբութեան ղեկավարը եղած է, որ յաջողած է։

Երկրպագուներու համայնք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2015 թուականին լրատուական հրատարակչութիւններու ուշադրութիւնը գրաւած է zamii070 մականունով նկարչուհիիւ պատմութիւնը, որ զանգուածային հալածանքի ենթարկուած է այն բանէն յետոյ, երբ քանի մը անգամ նկարած է Ռոզա Կուարցին (բիւրեղեայ ակնեղէն) շատ նիհար ձեւով, թէեւ մուլտսերիալին մէջ ան ունի զանգուածային մարմնակազմութիւն։ Չդիմանալով հալածանքներուն աղջիկը փորձած է ինքնասպան ըլլալ։ Մուլտսերիալի ստեղծողներ Իան Ջոնսը եւ Ռեբեկկա Շուգարը աջակցած են zamii070-ին, ըսելով թէ հաւանութիւն կու տան երկրպագուներուն՝ ստեղծագործութեան ազատութեան։ Հարկ է նշել, որ Ռոզա Կուարցի սկզբնական կերպարը անիմացիոն շարքին մէջ պատկերուած էր նիհար մարմնակազմութեամբ։ Կարծիք կայ, որ ֆան-համայնքի մէկ մասը իրեն չարդարացուած թշնամական կը պահէ՝ թաքնուելով ներառականութեան ետեւ[1][2][3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ‘Steven Universe’ fandom is melting down after bullied fanartist attempts suicide
  2. Elderkin Beth։ «Steven Universe Artist Quits Twitter Over Fan Harassment»։ io9 (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-04-05-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ ապրիլի 5 
  3. (հայերեն) Սթիվենի տիեզերքը, 2024-09-16, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8D%D5%A9%D5%AB%D5%BE%D5%A5%D5%B6%D5%AB_%D5%BF%D5%AB%D5%A5%D5%A6%D5%A5%D6%80%D6%84%D5%A8, վերցված է 2025-01-22