Սէր (հանդէս)
Սէր | |
---|---|
Տեսակ | պարբերաթերթ |
Հիմնադրուած է | 1860 |
Հրատարակման վայր | Կ․ Պոլիս |
«Սէր», մանկավարժական, քաղաքական հանդէս։ Լոյս տեսած է 1860-1864 թուականներուն, Կ․ Պոլիս, անկանոն պարբերականութեամբ։ Պաշտօնական պատասխանատու (խմբագիր)՝ Ա․ Ճէվահիրճեան, տնօրէն՝ Պ․ Պառնասեան։
Ազգային-հասարակական կեանքի յառաջընթացի գրաւականը համարած է ուսման, առեւտուրի, երկրագործութեան զարգացումը, ազգերու համագործակցութիւնը եւ բարի դրացիական յարաբերութիւնները։ Համակրանք յայտնած է եւրոպական երկիրներուն մէջ ազգային-ազատագրման, յատկապէս Կարիպալտեան շարժման նկատմամբ։ Քննադատած է «ազգային երեսփոխաններու ու այլ գործիչներու ապաշնորհութիւնը»։
«Նկարագիր երեւելի մարդկանց» խորագիրով պարբերաբար ներկայացուցած է համաշխարհային նշանաւոր դէմքերը։ «Սէր»ը կարեւոր նկատուող վիճակագրական տեղեկութիւններ հրապարակած է՝ ժամանակի առեւտրական յարաբերութիւններու, հումքի համաշխարհային արտահանոյթի վերաբերեալ։
Լուրեր հաղորդած է նաեւ Մուրատ Ռափայէլեան, Վիեննայի Մխիթարեան եւ այլ վարժարաններու գործունէութեան մասին, տպագրած է գրական ստեղծագործութիւններ, զուարճալի պատմութիւններ, հայ տարարութիւններ, մամուլի տեսութիւններ[1][2]։
Ծանոթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՍԷՐ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-16
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»