Jump to content

Սէթ (դիցաբանութիւն)

Սէթ
85%
swWt
X
E20A40
Սէթը կը
պատկերէին
աւանակի գլուխով եւ
երկար ականջներով

Սէթհ (հին յուն․՝ Σήθ, Սութեքհ, Սէթէշ), Հին Եգիպտոսի դիցաբանութեան մէջ անապատի, մրրիկներու, անկարգութեան, պատերազմի եւ օտարականներու աստուածն է[1]։

Սկզբնական շրջանին «Ռա աստուծոյ պահապանը» համարուած է, անոր անունը կար փարաւոններու անուններուն եւ տիտղոսներուն մէջ։ Սէթհը կարմիր աչքերով պատերազմի աստուած էր, միակը, որ կրնար իր արեւային նաւակով յաղթել Քաոսի Ափէփ օձը, որ ստորգետնեայ Սեւ Նեղոսի ջուրերուն մէջ կ'ուզէր սպան

ել Ռան։ Սակայն, հետագային ստացաւ հրեշային պատկեր, դարձաւ հակապատկեր անոր եւ Հռր աստուծոյ միջեւ ընթացող պայքարի մէջ։ Հորը եւ Սէթհը կրնան նաեւ միաձուլուիլ ու դառնալ միացեալ երկգլխանի մէկ աստուածութիւն՝ Հերուիփի։

Ան նաեւ կը հովանաւորէր հեռաւոր երկիրները։

Եգիպտական դիցաբանութեան մէջ Սէթհը ներկայացուած է որպէս զաւթիչ մը, որ խեղդած եւ սպանած է իր իսկ եղբայր Օսիրիսը: Օսիրիսի կինը՝ Իսիսը վերակազմած է իր մահացած ամուսինի մարմինը, անանկ ժամանակով, որ յղանայ իր զաւակ Հորը: Սա առասպելը կը պատմէ, որ Հորը վրեժ կ'ուզէր առնիլ Սէթհի համար:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Oxford Encyclopedia of Ancient Egypt, vol. 3, p. 269