Սեպուհ Թէքեան

Սեպուհ Թէքէեան
Ազգութիւն հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Ֆակօթիստ, երգիչ
Աշխատավայր մաս կազմած է երաժշտանոցի փչողական գործիքներու հնգեակին

Սեպուհ Թէքէեան.-- 1969-ի տարեշրջանին կ՛ընդունուի Պէյրութի Պետական երաժշտանոցը՝ հետեւելու համար ձայնամարզութեան դասընթացքներուն։ Նոյն տարուայ ընթացքին երաժիշտներուն խորհուրդով կ՛ընտրէ «Ֆակօթ» եւ մօտ տարուայ մը փորձառական շրջանին, կ, իւրացնէ որոշ կէտեր համոզուելուվ գործիքին բարձր որակին, ձայնային տարողութեան եւ կարելիութիւններուն շուրջ։

Երգի հետ առընթեր Ֆահօթ գործիքը կը զարգացնէ մինչեւ 1974:

1971–1974 երկարող տարեշրջաններուն մաս կը կազմէ երաժշտանոցի սենեկային նուագախումբին։ Ուսանողական շրջանին երգարուեստի մարզէն ներս զանազան ելոյթներով հանդէս կու գայ Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ։ 1972-ին մասնաւոր յայտադրով ելոյթ կ՛ունենայ Պէյրութի Կէօթէ էնսթիթուի մէջ։

1974-ի Հոկտեմբերին կ՛արժանանայ պետական կրթաթոշակին, ֆակօթ գործիքը զարգացնելու համար Իտալիոյ մէջ։ 1977-ին կը վկայուի Միլանոյի երաժշտանոցէն որպէս Ֆակօթիստ եւ երգիչ։ Այս շրջանին մաս կազմած է երաժշտանոցի փչողական գործիքներու հնգեակին, որուն հետ ելոյթ ունեցած է բազմաթիւ նուագահանդէսներով Միլանոյի եւ այլ քաղաքներուն մէջ։

1977-ի եւ 78-ի ամառները կը հետեւի Սիէնայի Աքատեմիա Օրքէսթրի մէջ նուագակցութեան դասընթացքներուն՝ արժանանալով պատուոյ վկայականին։

1977--78 տարիներուն մաս կազմած է Իտալական Կիվանիլի նուագախումբի «Սիմֆոնիք երիտասարդական նուագախումբին» եւ բազմաթիւ ականաւոր ղեկավարներու հետ ելոյթներ ունեցած է Իտալիոյ մէջ։

Ներկայիս կը պաշտօնավարէ Պետական Երաժշտանոց եւ Արուեստից վարժարանէն ներս։ Լիբանանի մէջ անցեալ Յունիսին Կիպրոսի Հայկական Ռատիոժամի Լիբանանի ներկայացուցիչի կազմակերպութեամբ իր քրոջ հետ միասին, առանձին յայտագրով «երգ-նուագ» ելոյթ ունեցաւ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ։

Իսկ այս տարի «Լիբանանեան Մշակութային Խորհուրդի» կազմակերպած երաժշտական հանդէսին իր մասնակցութիւնը բերած է նուագով։[1]

Ծանոթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Գ, Պէյրութ, էջ 260։