Սեթսապան
Արտաքին տեսք
Սեթսապան[1], Ճափոնի մէջ գարնանամուտը խորհրդանշող տօն:
Ճափոնի մէջ լուբիա նետելու օրը տօնական օր մըն է, որ տեղի կ'ունենայ գարնան առաջին օրը, ըստ լուսնային օրացոյցին. այսինքն` ընդհանրապէս 2 կամ 3 Փետրուարին: Այս տօնակատարութեան ընթացքին մարդիկ լուբիա կը նետեն իրենց տուներուն, սրբավայրերուն, տաճարներուն շուրջ` վախցնելու համար չար ոգիները:
Երբ տան մէջ տօնեն, ընտանիքի տղամարդը տապակուած լուբիան կը նետէ ըսելով. «Դեւերը դուրս, յաջողութիւնը ներս»: Սրբավայրերուն մէջ՝ բախտի լուբիան կը նետեն ժողովուրդին վրայ, զորս կը փորձեն բռնել: