Jump to content

Սարգիս Քհնյ. Մարսէլեան

Սարգիս Քհնյ. Մարսէլեան
Ծնած է 1925
Ծննդավայր Աթէնք, Յունաստան
Մահացած է 1992
Մահուան վայր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն հոգեւորական

Սարգիս Քհնյ. Մարսէլեան, (1925, Աթէնք, Յունաստան - 1992, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), աւազանի անունով՝ Մինաս, որդի Պօղոսի եւ Եղիսաբէթի, որոնք Զէյթունցի էին։

Մինաս ծնողքին հետ տեղափոխուած է Հալէպ, ուր յաճախած է Ազգային Սահակեան վարժարան, բայց նիւթական դժուարութեան պատճառով կիսաւարտ ձգած է։

Երբ երիտասարդական տարիքը թեւակոխած է, իր մէջ տակաւ առ տակաւ զօրացած են ազգային զգացումները։

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է ձեռամբ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տէր Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոս Չէպէեանի, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 29 Սեպտեմբեր 1963-ին, վերակոչուելով Տէր Սարգիս։

Տէր Սարգիս հոգեւոր հովութեան պաշտօնի կոչուած է Թեհրանի հայահոծ գաղութին մէջ, ուր ընտանեօք հաստատուած է եւ պաշտօնավարած՝ Սուրբ Սարգիս եքեղեցւոյ մէջ։

Նոյն գաղութին մէջ պաշտօնավարած է երկար տարիներ։

1992-ին, մեկնած է Միացեալ Նահանգներ իր զաւակներուն տեսութեան եւ հոն ալ վախճանած է, անակնկալ հիւանդութեան մը պատճառով։

Մարմինը ամփոփուած է վերջին օծումէն ետք Գալիֆորիոյ հայոց գերեզմանատունը։

Առ ի գնահատանք իր տարիներու բարւոք ծառայութեան, ստացած է Լանջախաչ եւ ապա Ծաղկեայ սեւ փիլոն[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 260։