Jump to content

Սարգիս Քհնյ. Արապխանեան

Սարգիս Քհնյ. Սրապխանեան
Ծնած է 1853
Ծննդավայր Զէյթուն
Մահացած է 1928
Կրօնք Քրիստոնեայ
Աշխատավայր Քահանայ
Ամուսին Թրվանտան
Երեխաներ Աբրահամ

Սարգիս Քհնյ. Արապխանեան (1853, Զէյթունի - 1928):

Աւազանի անունով Կարապետ, ծնած է զէյթունցի ծնողքէ, Զէյթունի մէջ 1853-ին։

Իր նախնական ուսումը ստացած է Զէյթունի ծխական վարժարանը, որուն տեսուչն էր Մնացական Սէմէրճեանը։ Տարրական գիտելիքներով բաւարարուելով, ան հեռացած է դպրոցէն ու փոքր տարիքին մտած՝ ազատ ասպարէզ ու աշխատած նպարավաճառի մը խանութը։

Իր հանապազօրեայ ապրուստի դծուարութիւններու կողքին, ժամանակ կը տրմադրէ եկեղեցւոյ։

Նոյն թուականներուն ան կը հետապնդուի իբրեւ յեղափոխական երիտասարդ, կուսակալի հրահանգով կը ձերբակալուի, կը տարուի Մարաշ եւ կը բանտարկուի այնտեղ մինչեւ 1896-ի գարունը։

Ան իր կեանքի ընկերը կ'ընտրէ իր հայրենակից Թրվանտան, որուն հետ կը պսակուի Զէյթունի մէջ եւ յետագային կ'ունենայ Աբրահամ անուն մանչ զաւակ մը։

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան Զէյթունի Աւագկալ գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, 1896-ի Հոկտեմբերին, ձեռամբ Տ. Կարապետ եպս. Քէչէքեանի եւ կնքահայրութեամբ գիւղի նշանաւոր ազգայիններէն պրն. Գրիգոր Աղա Մխիթարեանի, վերակոչուելով Տ. Սարգիս։ Իր քահանայական քառասնօրեայ պատրաստութեան ժամանակամիջոցը լրանալէ ետք, հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Աւագկայ գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ։ Մինչեւ 1914 թուականը ան կը հովուէ իր եկեղեցւոյ ժողովուրդն ու անոր շրջակայ 12 գիւղերու ընտանիքները։

1960-ին սակայն, ան դժուարութիւնը կ'ունենայ իր քաջ ու հայրենասէր երէցկինը կորսնցնելու։ Այնուհետեւ տան պատասխանատուութիւնն ու պարտականութիւնը կը կրկնապատկուին։ Իր միակ Աբրահամ զաւակին համար ան կը դառնայ խնամող հայր ու մայր։

Մեծ Եղեռնին, ան իր հօտին հետ կը գաղթէ նախ Գոնիա, ապա Հաուրան, ուր կը մնայ եւ կ'ապրի ծանր պայմաններու մէջ մինչեւ 1918՝ անգլիացիներուն ժամանումը։ Ան կը տեղափոխուի Մարաշ եւ երկու տարի կը հովուէ համանուն եկեղեցւոյ ծխական ժողովուրդը։

Ան կը վախճանի 31 Յուլիս 1928-ին։ Թաղման կարգն ու վերծին օծումը կը կատարուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Արտաւազդ Եպս. Սիւրմէեանի ձեռամբ, Համիտիէ Թաղամասի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Իր մարմինը կ'ամփոփուի Շէյխ Մագսուտի Ազգ. Գերեզմանատունը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 43-44-45-46-47-48-49-50։