Jump to content

Սառնաշաքար

Սառնաշաքար
Ենթատեսակ քաղցրաւենիք եւ շաքարային կոնֆետ?
Փայտիկի վրայ սառնաշաքարներ

Սառնաշաքար, քաղցրաւենիքի տեսակ, որ յաճախ կ'ամրանայ փայտիկի մը վրայ։

Սառնաշաքարները կ'ունենան տարբեր համեր, գոյներ, ձեւեր եւ չափեր։

  • Ամէնէն տարածուած ձեւը՝ փայտիկի վրայ սառնաշաքարն է:
  • Մատիտանման սառնաշաքարները կը նմանին երկար գունաւոր փայտիկներու:

Իբրեւ կանոն՝ սառնաշաքարները ունին քաղցր եւ մրգային համ, սակայն գոյություն ունին նաեւ աղային համով տեսակներ։ Եւրոպայի մէջ, յատկապէս՝ Գերմանիոյ եւ Նիտըրլենտի մէջ, գոյություն ունին քաղցր ռեհանի (մատուտակ) համով տեսակներ[1]։

  • Կ'ենթադրուի, թէ սառնաշաքարի առաջին գաղափարը մտայղացուած է հազարաւոր տարիներ առաջ, քարանձաւային մարդոց կողմէ, որոնք փայտով մեղր կը հաւաքէին փեթակներէն: Ամենայն հաւանականութեամբ, անոնք լզած են փայտը՝ յօրինելով աշխարհի առաջին «լոլիփոփը»:
Մատիտանման սառնաշաքար
  • Հնագէտներ կ'ըսեն, թէ հին չինացիները, արաբները եւ եգիպտացիները արտադրած են միրգերով եւ ընկոյզով քաղցրաւենիքներ, զորս թաթխած են մեղրի մէջ, ապա անոնց մէջ փայտիկներ անցուցած են, որպէսզի աւելի դիւրին ուտուին:
  • Առաջին սառնաշաքարները, որոնք շատ կը նմանին այսօրուան «լոլիփոփ» կոչուած սառնաշաքարներուն, գոյութիւն ունէին միջնադարուն, երբ ազնուականները յաճախ եփած շաքար կ'ուտէին փայտերու կամ բռնակներու օգնութեամբ[2]:
  • 1905-ին, McAviney Candy Company-ի սեփականատէրը իր ընկերութեան պատրաստած քաղցրաւենիքով ծածկուած ձողիկները տուն կը տանի, որպէսզի իր զաւակները ուրախանան: 1908-ին, ան կը սկսի արտադրել քաղցրաւենիքի այդ ձողիկները:
  • 1908-ին Ուիսքոնսին (Wisconsin) նահանգին Ռասին (Racine) քաղաքին մէջ մեքենական ձեւով արտադրուած առաջին «լոլիփոփ»ը կը ներկայացուի Racine Confectionary Machine ընկերութեան կողմէ, որ կը ներկայացնէ մեքենայ մը, որ պինդ շաքար մը կը դնէ փայտին ծայրը՝ ժամական 2400 ձողիկ արտադրելով:
  • Մօտաւորապէս 1912-ին, ռուս ներգաղթող Սամուէլ Պորն մեքենայ մը կը հնարէ, որ քաղցրաւենիքին մէջ ձողիկներ կ'անցընէր: Մեքենան կը կոչուէր Պորն Սաքըր Մաշին (Born Sucker Machine): 1916-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետարանը անոր կը շնորհէ քաղաքին բանալիները:
  • Պրետլի Սմիթ (Bradley Smith) ընկերութեան սեփականատէր՝ Ճորճ Սմիթ, 1908-ին կը յայտնագործէ ժամանակակից տարբերակը, իսկ 1931-ին ան վաճառանիշը կը կոչէ «lollipop»՝ փոխ առնելով նշանաւոր «Լոլի Փոփ» ձիու մը անունը:

Ժամանակակից ընկերութիւններ, ինչպէս՝ Spangler Candy Company-ն կրնան օրական մինչեւ 3,000,000, «լոլիփոփ» արտադրել:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Fromme Alison (Յուլիս- Օգոստոս, 2005)։ ։ Smithsonian National Zoological Park https://www.webcitation.org/5wZrZUI36?url=http://nationalzoo.si.edu/Publications/ZooGoer/2005/4/edibleinsects.cfm։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 18-02-2011-ին։ արտագրուած է՝ 24-03-2007-ին 
  2. Պատմութիւն