Jump to content

Սառա Ընձառիւծը

Սառա Ընձառիւծը
Սառա Ընձառիւծը
Գիտական դասակարգութիւն


Սառա Ընձառիւծը (Յունուար 2001– 22 Յունուար 2016) Հարաւային Ափրիկէի մէջ ապրող էգ ընձառիւծ մը:

2012-ին, Օհայոյի կենդանաբանական պարտէզներէն մէկուն մէջ ընձառիւծներու վազքին արագութիւնը չափող անասնագէտներ գտած են, թէ Սառա կոչուած 11-ամեայ ընձառիւծը հարիւր մեթր վազած է 5.35 երկվայրկեանի մէջ: Անիկա գերազանցած է ողիմպիական խաղերուն հարիւր մեթր վազքի մրցանիշ (9.58 երկվայրկեան) արձանագրող Իւզէյն Պոլթը…:

Անասնագէտները տեսախցիկներ տեղադրած են կենդանաբանական պարտէզին տարածքին, ինչպէս նաեւ` ընձառիւծներուն վազքին արագութիւնը չափող սարքեր, որոնց միջոցով հետեւած են անոնց վազքին մանրամասնութիւններուն: Այսուհանդերձ, անոնք գտած են, թէ Սառան մէկ ժամուան մէջ կրցած է վազել իննսունութ քիլոմեթր…:

Ամերիկացի անասնագէտ Քեթրին Հիլքըր, որ մօտէն հետեւած է Սառային ապրելակերպին, ըսած է, թէ անիկա տարբեր եղած է մնացեալ ընձառիւծներէն[1]:

Երբեք չեմ տեսած ոեւէ ողջ էակ, որ կրնայ վազած ըլլալ այսքան արագ», ըսած է մասնագէտ Հիլքըր: Ան նշած է նաեւ, որ իր մտքին մէջ մի՛շտ ալ տեղ գտած է ա՛յն գաղափարը, թէ Սառան կրնայ հարիւր մեթր վազել նուազ քան վեց երկվայրկեանի մէջ:


Սառային հետ վազքի մրցումներ կատարած են նաեւ հինգ այլ ընձառիւծներ, որոնք հարիւր մեթր տարածութիւնը վազած են գրեթէ տասը երկվայրկեանի մէջ:

Սառան ու մնացեալ ընձառիւծները իրենց շուրջ հաւաքած են մեծ թիւով հանդիսատեսներ, որոնք յաճախ եկած են դիտելու ու նկարելու անոնց երկար վազքերը:

Մասնագէտ Հիլքըր ըսած է, թէ ընձառիւծները տակաւին աւելի արագ կը վազեն անապատին մէջ, ուր յաճախ օրեր շարունակ անօթի կը մնան եւ երբ այծքաղ մը տեսնեն, զայն ամէն գնով որսալու նպատակով կը վազեն` իրենք զիրենք ու իրենց ձագերը կերակրելու համար[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]